«Ազատութիւն» – Հայաստանի խորհրդարանի իշխանական (ՔՊ) երեսփոխան Արմէն Խաչատրեան՝ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու պաշտպանութեան յանձնաժողովներու խորհրդակցական նիստին յայտարարած է, թէ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին ազերպայճանական ուժերը գրաւած են Հայաստանի շուրջ 127 քառակուսի քիլոմեթր տարածք։
“Հակառակորդն ընդհանուր առմամբ 2021-2022 թուականներին վերահսկողութեան տակ է վերցրել Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ 127 քառակուսի կիլոմետր սահմանամերձ տարածք”,– ըսած է երեսփոխանը։
Խաչատրեան առաջին պաշտօնեան է, որ կը հրապարակէ այս թիւը՝ առանց մանրամասնութիւն ներկայացնելու։ Մինչ այդ վարչապետը տեղեկացուցած էր, որ Սեպտեմբեր 13-ի յարձակման հետեւանքով Ազերպայճան 10 քառակուսի քիլոմեթր բռնագրաւած է, իսկ 2021-ին՝ 41։ Պաշտօնապէս հրապարակուած այս թիւերու գումարը 51 է, անծանօթ կը մնայ մնացեալ 76 քառակուսի քիլոմեթրի հարցը եւ թէ ինչո՞ւ ցարդ այլ տուեալ չէ հրապարակուած։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ լռութիւն կը պահպանէ, իսկ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան Հոկտեմբեր 24-ին հաղորդած է՝ «դեռևս ճշգրտման աշխատանքներ են անում»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։