Search
Close this search box.

Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ – Փաշինեան. «ԵԱՏՄ-ն տնտեսական միաւորում ըլլալով պէտք չէ ունենայ քաղաքական, առաւել եւս աշխարհաքաղաքական օրակարգ»

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացող Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) բարձրագոյն խորհուրդի յաջորդական նիստին մասնակցած են Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի, Քիրկիզստանի նախագահները եւ Հայաստանի վարչապետը: 

Նախ տեղի ունեցած է նեղ, այնուհետեւ՝ ընդլայնուած կազմով նիստը, որուն մասնակցած է նաեւ Իրանի Արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Ապպաս Ալի-Ապատի: Նիստէն առաջ ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած է ազատ առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագիր մը:

Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է, թէ ԵԱՏՄ-ն տնտեսական միաւորում ըլլալով պէտք չէ ունենայ քաղաքական, առաւել եւս աշխարհաքաղաքական օրակարգ։ “ԵԱՏՄ-ն եւ անոր տնտեսական սկզբունքները պէտք չէ փոխկապակցուին քաղաքական յաւակնութիւններու հետ։ 2024 Յունուար 1-էն Հայաստան կը ստանձնէ ԵԱՏՄ-ի նախագահութիւնը եւ այդ առումով կարեւոր է անդամ երկիրներու աջակցութիւնը` մեր դէմ ծառացող մարտահրաւէրները դիմակայելու տեսանկիւնէն”,– ընդգծած է ան։

Նիստին քննարկուած են Միութեան շրջանակին մէջ տարբեր բնագաւառներու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Որոշում կայացուած է ԵԱՏՄ-ի յաջորդ նիստը գումարել 2024 Մայիսին` Մոսկուայի մէջ: