Search
Close this search box.

Վահան Քերոբեան կ՚ամբաստանուի իր պաշտօնը չարաշահելու մեղադրանքով

 

Ան տնային կալանքի տակ է

Տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեան իր հրաժարականէն քանի մը ժամ ետք ձերբակալուած է եւ մեղադրեալի կարգավիճակով երկու ամիս տնային կալանքի տակ առնուած է։ Անոր արգիլուած է հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները եւ տունէն դուրս ելլելը։

Վահան Քերոբեան կ՚ամբաստանուի իր պաշտօնը չարաշահելու մեղադրանքով։

Ըստ Քննչական կոմիտէի՝ անցեալ տարի Տնտեսութեան նախարարութեան յայտարարած մրցոյթին դիմում ներկայացուցած երկու ընկերութիւններու միջեւ ընտրութիւն կատարուած է, աւելի բարձր գին առաջարկելով «Սիներճի»-ին։ Քննիչները կը պնդեն, թէ նախարարը եւ իր աշխատակիցները այնպէս ըրած են, որ աւելի ցած գին առաջարկած «Հարմոնիա» ընկերութիւնը զրկուի մրցոյթին մասնակցելէ։

Քերոբեան համաձայն չէ ո՛չ մեղադրանքին եւ ո՛չ ալ դատարանի որոշումին։ Ան նաեւ իր հրաժարականի հարցով փակագիծեր բացած եւ դատարանին դուրսը հաւաքուած լրագրողներուն ըսած է, թէ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան իրեն առաջարկած է հրաժարական ներկայացնել՝ ըսելով, թէ «որոշուել է քո ազատման (պաշտօնազրկման – «ՆՅ») հարցը»։