Search
Close this search box.

Վանի մէջ գանձագողերը պատահաբար 2700-ամեայ ուրարտական տաճար յայտնաբերած են

 

Վանի մէջ ապօրինի կերպով գանձ որոնող անձինք պատահաբար 2700-ամեայ ուրարտական տաճար յայտնաբերած են։ Akunq.net-ի համաձայն՝  լուրը հաղորդած է «Independent»-ի թրքերէն ծառայութիւնը։

Աղբիւրը գրած է, թէ՝ Վանի կեդրոնէն 28 քմ. դէպի հիւսիս-արեւմուտք գտնուող տարածքին մէջ խումբ մը գանձագողեր 5 մեթր խորութեամբ փոս փորելէ ետք, յայտնաբերած են որմնանկարներ ունեցող կառոյց մը։ Գանձ որոնողները կարծած են, որ այդ շինութիւնը եկեղեցի է և դիմած են Վանի թանգարաններու տնօրէնութեան։

Թուրք ուրարտագէտ Էրքան Քոնեար «Independent Türkçe»-ի թղթակցին հետ զրոյցին յայտնած է, որ հիմնուելով կառոյցը ներկայացնող տեսագրութեան տուեալներուն վրայ՝ կարելի է ենթադրել, թէ ան մ․թ․ա․ 7-րդ դարուն պատկանող ուրարտական տաճար մըն է, եւ քանի որ տուեալ շրջանի մօտերը կը գտնուի նաեւ ուրարտական արքայ Ռուսա Երկրորդի ամրոցներէն մէկը, ամենայն հաւանականութեամբ նորայայտ տաճարը կրնայ կապ ունենալ վերջինիս հետ։

Թուրք գիտնականը նաեւ կ՚ենթադրէ, որ սոյն տաճարը նուիրուած է ուրարտական աստուածներէն Խալդիին, եւ թէ ինք առաջին անգամ  է որ կը տեսնէ այսպէս ուրարտական տաճար մը, որ պահպանուած է իր բնօրինակով, եւ որուն կառոյցը չէ խաթարուած։ Ան նաեւ մատնանշած է, թէ այս մեծ տաճարի որմնանկարները բաւական լաւ պահպանուած են, եւ թէ անոնք կրօնական բովանդակութիւն ունին։