Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Վարչապետը այցելած է Ոսկեպար, Կիրանց եւ Բերքաբեր բնակավայրերը

Ապրիլ 17-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Տաւուշի մարզի Ոսկեպար, Կիրանց եւ Բերքաբեր բնակավայրերը։ Ան շրջանի բնակիչներուն ներկայացուցած է Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան՝ ներառեալ սահմանազատման հոլովոյթին առկայ իրավիճակը եւ պատասխանած՝ տեղացիները հետաքրքրող տարբեր հարցումներուն: 

Վարչապետը Բերքաբերի մէջ ծանօթացած է կառավարութեան կողմէ իրականացուող մինչեւ 16 միլիոն դրամ աջակցութեամբ՝ անհատական բնակելի բնակարաններու կառուցման աշխատանքներուն: Բնակիչները գոհունակութիւն յայտնելով ընդգծած են բնակարանաշինութեան ծրագրին շարունակականութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը: 

Վարչապետը իր կարգին նշած է, որ գործադիրը հետեւողական պիտի ըլլայ սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ սոյն ծրագրին արդիւնաւէտ իրագործումը ապահովելու համար: