Search
Close this search box.

Վարչապետը ընդունած է ԱՄՆ-ու ծերակուտական պատուիրակութիւնը

 

Յուլիս 3-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ-ու ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Ողջունելով ծերակուտականներու Հայաստան այցելութիւնը, վարչապետը ընդգծած է վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան նիստին կարեւորութիւնը եւ համոզում յայտնած, թէ երկկողմ համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ ու ամրապնդուիլ: Ան նշած է, որ ԱՄՆ արդիւնաւէտ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքին՝ աւելցնելով, թէ կառավարութեան համար ժողովրդավարութեան զարգացումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն:

Կողմերը անդրադարձած են երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային եւ այլ ուղղութիւններով կապերու ընդլայնման, եւ այդ առումով ընդգծած միջկառավարական ու միջխորհրդարանական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

Գաղափարներ փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ տեղի ունեցող քննարկումներուն, կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներու եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:

Նոյն օրը ամերիկացի ծերակուտականները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։