Մարտ 27-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն-Լոռանս Փեթէլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը ողջունած է խորհրդարանականներուն այցելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայաստանի հետ կապուած օրակարգերուն անոնց նուիրումին համար: Ան ընդգծած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու միջեւ հաստատուած ամուր կապերը:
Անն-Լոռանս Փեթէլ նշած է, թէ բարեկամութեան խումբին մաս կը կազմեն Ազգային ժողովի (ԱԺ) բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք բոլորն ալ համախոհ են Հայաստանին քաղաքական անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերելու:
Կողմերը անդրադարձած են բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ՝ Հայաստան-Ֆրանսա, եւ յատկապէս՝ միջխորհրդարանական համագործակցութեան, Հայաստանի մէջ ֆրանսական ընկերութիւններու գործունէութեան, ենթակառոյցներու, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ այլ ուղղութիւններով ծրագրերու իրականացման վերաբերող հարցերու:
Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման շուրջ:
Անդրադարձ եղած է նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու մարդասիրական խնդիրներուն, անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ծրագրերուն։
Նոյն օրը, Անն-Լոռանս Փեթէլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ԱԺ-ի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբի ղեկավար Վլադիմիր Վարդանեանի և Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի ուղեկցութեամբ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնուհի Էտիթա Գզոյեան դիմաւորած է հիւրերը եւ ուղեկցած դէպի յուշահամալիր՝ ներկայացնելով Ծիծեռնակաբերդի տարածքին անցեալ դարավերջին Ազերպայճանի Սումկայիթ, Կիրովապատ (Գանձակ), Պաքու քաղաքներուն մէջ այդ երկրին իշխանութեան կազմակերպած կոտորածներուն զոհ գացած հայերու յիշատակին տեղադրուած երեք խաչքարերու եւ Արցախեան գոյամարտի տարիներուն յուշապատի դիմացի հատուածին մէջ յուղարկաւորուած հինգ ազատամարտիկներու պատմութիւնները՝ շեշտելով կապը տեղի ունեցածին եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ: Էդիթա Գզոյեան անդրադարձած է նաեւ Արցախի հարցին պատմաիրաւական երեսակներուն, ներկայացնելով Ազերպայճանի հակահայկական գործողութիւններն ու քարոզչութիւնը:
Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Այնուհետեւ տնօրէնուհին հիւրերուն ուղեկցած է յուշապատին մօտ, ուր յատուկ խորշերու մէջ ամփոփուած են 19-րդ դարավերջին և 20-րդ դարասկզբին թրքական կառավարութեան իրագործած հայերու զանգուածային կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան դէմ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած օտար շարք մը հասարակական, քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու եւ մարդասէրներու գերեզմաններէն առնուած հողով լի փոքր սափորները:
Հիւրերը շրջած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած մնայուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօսութեան երկամսեային նուիրուած «Pro Armenia. Քեզ համար, Հայաստան» եւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը ֆրանսահայ արուեստագէտներու գործերուն մէջ» խորագրերով առժամեայ ցուցադրութիւններուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։