Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ մասնակցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 31-րդ նիստին, ուր ներկայացուած է 2021 թուականի գործունէութեան հաշուետւութիւնը։
Նիստին մասնակցած են նաեւ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ այլք:
Նշենք, թէ նիստին չեն մասնակցած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։