Մարտ 19-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորեւ տրուած շնորհաւորական ուղերձը յղած է Վլատիմիր Փութինին՝ Ռուսաստանի նախագահի պաշտօնին անոր վերընտրութեան առիթով.
«Ընդունեցէք շնորհաւորանքներս Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահի պաշտօնին ձեր վերընտրութեան առթիւ։
Կը յուսամ, որ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր բնագաւառներու մէջ երկխօսութիւնը կը զարգանայ՝ ի շահ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ժողովուրդներու։
Կը մաղթեմ ձեզի, յարգելի Վլատիմիր Վլատիմիրի, առողջութիւն, երջանկութիւն եւ հետագայ յաջողութիւններ ձեր գործունէութեան մէջ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։