Յուլիս 30-ին, վարչապետ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Իրան։
Նոյն օրը տեղի ունեցած է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ հանդիպումը։
Նախագահ Փեզեշքեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փաշինեանին՝ Իրան այցելութեան հրաւէրը ընդունելուն համար։ Ան նշած է, թէ Իրանի համար կարեւոր է բարեկամ Հայաստանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական մարզերու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը։
Իրանի նախագահը վերահաստատելով նախապէս գոյացած համաձայնութիւնները, ըսած է. “Մեր երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը, պատմական եւ մշակութային սերտ կապերը հիմք կը հանդիսանան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու համար։ Մենք պատրաստակամ ենք միատեղ ջանքերով շարունակելու մեր երկխօսութիւնը եւ առաւել հարստացնելու երկկողմ համագործակցութեան օրակարգը”: Ան շեշտած է, թէ Իրանի համար առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ անգամ մը եւս շնորհաւորած Փեզեշքեանը՝ նախագահ ընտրուելուն առիթով։ Վարչապետը ընդգծած է, որ Իրանի հետ բազմակողմանի համագործակցութիւնը Հայաստանի համար ունի կարեւոր նշանակութիւն, որ խարսխուած է փոխադարձ յարգանքի եւ ըմբռնումի վրայ։
Փաշինեան ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը եւ անոր սկզբունքները՝ տարածարջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման գծով: Ան շեշտած է իրանական կողմի ներգրաւումը՝ Հիւսիս-հարաւ կառուղիի, մասնաւորապէս, Ագարակ-Քաջարան հատուածի կառուցման աշխատանքներուն։
Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարները քննարկած են առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման առողջապահութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի բնագաւառներու մէջ միատեղ նոր ծրագրերու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Փաշինեան, այնուհետեւ տեսակցութիւն ունեցած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյետ Ալի Խամենէիի հետ: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետին՝ Իրանի նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թեհրան այցելելուն համար:
Կողմերը համոզում յայտնած են, որ կը շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման միտող քայլերը՝ ի նպաստ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացին:
Միւս կողմէ, իրանական «Մեհր» լրասփիւռին համաձայն, հանդիպումին՝ Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդը յայտարարած է, թէ «Զանգեզուրի ճանապարհը Հայաստանի համար վնասակար է եւ Իրան կը շարունակէ մնալ այս տեսակէտին վրայ»։ Ան աւելցուցած է, թէ «արտատարածաշրջանային ուժերու միջամտութիւնը օգտակար չէ տարածաշրջանի պետութիւններու փոխադարձ յարաբերութիւններուն համար»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։