Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ Սիսիան Պօղոսեան ազատ կացուցուած է զբօսաշրջութեան յանձնախումբի նախագահի պաշտօնէն:
«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9-րդ յօդուածի 7-րդ մասով՝ Սիսիան Պօղոսեանին ազատել զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահի պաշտօնից»,– նշուած է որոշումին մէջ։
Մեզի կարելի չեղաւ ստուգել, թէ ի՞նչն է պատճառը։
Մինչդեռ, Սիսիան Պօղոսեան 2024 Ապրիլ 4-ին նոյնպէս վարչապետին որոշումով՝ վերանշանակուած էր այդ պաշտօնին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։