Սեպտեմբեր 16-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցով մեկնած է Վրաստան, ուր նախ գլուխ-գլխի հանդիպում ունեցած է Վրաստանի իր պաշտօնակից Իրաքլի Գոպախիձէի հետ, այնուհետեւ կողմերու քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով։
Աւարտին երկու երկիրներու ղեկավարները հանդէս եկած են յայտարարութիւններով։
Վրաստանի վարչապետը նշած է, թէ իր երկիրը կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան: “Տարածաշրջանին մէջ առկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու մեր ջանքերը կը շարունակուին: Կ՚ողջունենք Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ տարուող դրական աշխատանքը եւ պատրաստ ենք օժանդակելու շրջանի կայունութեան ապահովման հոլովոյթին”,– ըսած է Վրաստանի վարչապետը։
Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին յայտնած է. “Ես իրապէս կը հաւատամ, որ մենք ունինք Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութեան էջը փակելու եւ մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու պատմական առիթը: Համոզուած եմ նաեւ, որ այդ խաղաղութեան շահառուն ոչ միայն Հայաստանն ու Ազերպայճանը պիտի ըլլան, այլեւ անկէ հաւասարապէս պիտի օգտուին Վրաստանը, Թուրքիան, Իրանը: Ահա այս պատճառով է, որ հակառակ բոլոր բարդութիւններուն, մեր կառավարութիւնը հետեւողականօրէն կը շարունակէ ջանքեր գործադրել տարածաշրջանի խաղաղութիւնը կարելի դարձնելու ուղղութեամբ։ Մենք բարձր կը գնահատենք նաեւ ջանքերը Վրաստանի կառավարութեան, որ իր վարած քաղաքականութեամբ նոյնպէս կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման նպատակին”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։