Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան այցելած է Բաղանիսի հատուածին մէջ հաստատուած ԱԱԾ-ի սահմանապահներու պահակակէտը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 25-ին այցելած է Տաւուշի մարզի Բաղանիսի հատուածին մէջ հաստատուած ԱԱԾ-ի սահմանապահներու պահակակէտը։

Վարչապետը ողջունած է սահմանապահները եւ շնորհակալութիւն յայտնած ծառայութեան համար։

Վարչապետին զեկուցած են, որ հայ-ազերպայճանական սահմանին ոչ մէկ խախտում յայտնաբերուած է, ոչ ալ տեղի ունեցած են դէպքեր կամ պատահարներ։

Անոր նաեւ տեղեկացուցած են, որ Բաղանիսի հատուածին մէջ պիտի կառուցուի սահմանապահներու երեք նոր պահակակէտ։