Հոկտեմբեր 28-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Էնթերփոլի ընդհ. քարտուղար Եուրկըն Շթոքը: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարեան:
Վարչապետը ողջունած է Շթոքի այցը Հայաստան եւ ընդգծած Հայաստանի Ոստիկանության եւ էնթերփոլի միջեւ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումն ու ընդլայնումը: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ այցի շրջանակին մէջ տեղի ունեցող քննարկումները նոր ազդակ կը հաղորդեն շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր շարունակուող փոխադարձ գործակցութեան՝ յանցագործներու դէմ պայքարի մէջ:
Էնթերփոլի ընդհ. քարտուղարը բարձր գնահատած է Հայաստանի Ոստիկանութեան հետ համագործակցութեան մակարդակը եւ անդրադարձած յառաջիկային նախատեսուող հասարակաց ծրագրերուն ու գործակցութեան օրակարգին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։