Վարչապետ Փաշինեան ընդունած է Մինսքի խումբի ԱՄՆ-ու նորանշանակ համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըրը

Սեպտեմբեր 10-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Մինսքի խումբի ԱՄՆ-ու նորանշանակ համանախագահ, Կովկասի հարցերու բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր խորհրդական  Ֆիլիփ Ռիքըրը: 

Վարչապետը շնորհաւորած է պարոն Ռիքըրը այդ պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելուն կապակցութեամբ եւ ողջունած անոր տարածաշրջան այցելութիւնը։ Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն ԱՄՆ-ու կարեւոր դերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Զրուցակիցները քննարկած են Արցախեան խնդրին վերաբերող շարք մը հարցեր: Շեշտուած է հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց անյապաղ հայրենադարձման, ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը: 

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերություններու կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող այլ հարցերու շուրջ:  

Խմբագրական