Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան ընդունած է ՍԴՀԿ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը

Յունիս 3-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան (ՍԴՀԿ) կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը: 

Վարչապետը բարձր գնահատած է կառավարութեան եւ ՍԴՀԿ-ի միջեւ ձեւաւորուած երկխօսութիւնը եւ ընդգծած, թէ պարոն Սարաֆեանի այցը Հայաստան կարելիութիւն կը ստեղծէ քննարկելու տեղի ունեցող գործընթացները: 

Համբիկ Սարաֆեան նշած է, որ ՍԴՀԿ-ն կը բաժնէ կառավարութեան խաղաղութեան օրակարգը, մարտահրաւէրները յաղթահարելու միտող քայլերը, ինչպէս նաեւ վարած արտաքին քաղաքականութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկած են արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ծրագրերուն վերաբերող հարցեր: