Վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Էնթընի Պլինքընի հետ

Յուլիս 25-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: 

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ օրակարգին, ինչպէս նաև տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցեր: 

Կողմերը արծարծած են, մասնաւորապէս, Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն, Արցախեան խնդրի կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, գերիներու վերադարձին, անհետացածներու ճակատագրի պարզաբանման առնչուող նիւթեր:

Պլինքըն՝ իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահող, ԱՄՆ-ու պատրաստակամութիւնը յայտնած է աջակցելու նշեալ բոլոր հարցերու լուծումներուն: 

Իր կարգին, Փաշինեան վերահաստատած է խաղաղութեան օրակարգին իր նուիրումը և ընդգծած, որ Հայաստանի հանրութիւնը կ՚աջակցի այդ ուղեգիծին: 

Կողմերը քննարկած են նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները: ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին Յուլիս 11-ին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցը։ Ան իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնած է աջակցելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման: 

Դիւանագէտները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստան-ԱՄՆ բարձր մակարդակի շփումներուն առիթով, եւ համաձայնած՝ շարունակելու երկխօսութիւնը:

 

Պլինքըն հեռաձայնած է նաեւ Ալիեւին

Նոյն օրը՝ Յուլիս 25-ին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ան իր զրուցակցին  նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Մինսքի խումբի համանախագահն է 1994-էն ի վեր եւ պատրաստ է օգնելու, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ երկարետեւ խաղաղութիւն հաստատուի։

Պլինքըն նաեւ կոչ ուղղած է Ալիեւին՝ ազատ արձակելու մնացեալ բոլոր հայ գերիները:

 

Ալիեւի համախոհ լրասփիւռները պարսաւած են Պլինքընը՝ «ապատեղեկատւութեան տարածման» եւ «անձեռնհասութեան» մեղադրանքով

Նախագահ Ալիեւի մօտիկ դիւանագիտական աղբիւրներէն haqqin.az-ին հասած տեղեկութիւններու համաձայն՝ Ալիեւի եւ Պլինքընի զրոյցին Մինսքի խումբի մասին որեւէ յիշատակութիւն չէ եղած։ Այդ ուղղութեամբ նշեալ աղբիւրը տարակուսանք յայտնած է ամերիկեան կողմին կատարած «այդպիսի ակնյայտ ապատեղեկատւութեան» համար՝ զայն ծայրայեղ անտեղի եւ նոյնիսկ անպատասխանատու որակելով։ «Ճիշդ չէ քննարկել մոռցուած Մինսքի խումբի վերակենդանացման գաղափարը»,– գրած է ազերպայճանական haqqin.az լրասփիւռը: