Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ հայ-ազերպայճանական սահմանին անվտանգութեան ապահովման վերաբերող հարցեր:
Այս համածիրին մէջ, վերահաստատուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի առաջնորդներու 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի բոլոր համաձայնութիւններու լիարժէք գործադրման կարեւորութիւնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։