Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հոկտեբեր 31-էն մինչեւ Նոյեմբեր 3 տեղի ունեցաւ միջազգային եռօրեայ գիտաժողով՝ Աստուածաշունչ Հայկազեանի հայերէն թարգմանութեան, հրատարակութիւններուն եւ ազդեցութեան մասին։
Գիտաժողովին՝ Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Գանատայէն եւ Պոլսէն մասնակցեցան հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկոյցներով հարստացուցին միջազգային սոյն գիտաժողովը։
Գիտաժողովի դասախօսներն էին՝ Հ. Վահան վրդ. Օհանեան, Հ. Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, Հ. Գեղարդ վրդ. Քիւսպէքեան, Հ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, Հ. Գէորգ աբղ. Սարգիսեան, Տ. Արարատ քհնյ Պօղոսեան, Արմէն Մալխասեան, Վահէ Թորոսեան, Սարգիս Մելքոնեան, Միքայէլ Մալխասեան, Ռուբէն Մելիքեան, Փաոլօ Լուքքա, Մարքօ Պայիս, Ռիքքարտօ Փանէ, Մհեր Քումունց, Խաչիկ Յովհաննիսեան, Մայա Գրիգորեան եւ Վահագն Պօղոսեան։
Գիտաժողովի տեսական բաժինը աւարտելէ ետք, տեղի ունեցաւ գործնական քննարկում՝ Աստուածաշունի հայերէն թարգմանութեան քննական բնագիրի կազմութեան հարցին շուրջ։ Ժողովականները որոշեցին մօտ ապագային ստեղծել աշխատանքային խումբ մը, գիտաժողովի ընթացքին արծարծուած տեսական եւ գիտական հարցերուն փուլ առ փուլ լուծում տալու համար։
Գիտաժողովի ընթացքին նաեւ հրապարակուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնած եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի՝ Գործարար հետազօտման եւ զարգացման կեդրոնի (ԳՀԶԿ) ուսանողներու ու աշխատողներու կողմէ պատրաստուած «Մխիթար» հարթակը։
Յղումները կարելի է դիտել Դիմագիքի՝ Մխիթարեան Մայրավանք Սուրբ Ղազար – Monastero Armeno Mechitarista San Lazzaro էջին վրայ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։