Սեպտեմբեր 22-ի երեկոյեան, Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած է «Փրկենք հայկական ժառանգութիւնը, Արցախը» բնաբանով յուշ երեկոյթ մը,– որ կ՚եզրափակէր Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ Արցախի նուիրուած ձեռնարկները,– կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան, Արցախի թեմի, յանձին` Վրթանէս եպիսկ. Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ «Մունք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ` Այլին Մելքոմեանցի։
Յայտագիրը սկիզբ առած է արմատներով արցախցի Լուիզա Օհանէսեանի հայկական նազ պարով, որմէ ետք ներկաները ուղղուած են եկեղեցի, ուր Հ. Համազասպ վրդ. Քէշիշեան բարի Գալուստ մաղթած է մասնակիցներուն եւ հակիրճ կերպով ներկայացուցած ոգեկոչման շարժառիթը. “Ազերպայճանի վերջին 4 տարիներուն գործած յարձակումներուն եւ սանձազերծած պատերազմներուն հետեւանքով՝ Արցախ հայրենիքի կորուստը ու անոր հայաթափումը, հազարաւոր հայ երիտասարդներու նահատակութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային սրբատեղիներու եւ յուշակոթողներու անհետացման սպառնալիքը եւ ոմանց հիմնայատակ կործանումը, այս բոլորը քաղաքակիրթ սեպուած եւ մարդկային իրաւանց «պաշտպան հանդիսացող» երկիրներու աչքին առջեւ։ Խաղաղութիւն չենք կրնար ունենալ եթէ արդարութիւն գոյութիւն չունենայ։
Պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ որ մենք անարդարութիւն կը կրենք։ Ժամը հասած է որ պատմութենէն դաս քաղենք եւ մեր յոյսը չդնենք այլ երկիրներու կամ պետութիւններու վրայ, այլ վստահինք Աստուծոյ եւ մեր հաւաքական ուժին”,– ընդգծած է ան։
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան ներկայացուցած է Արցախի աղէտը եւ յոյս յայտնած է, որ միջոցառումներու այս շարքը առիթ կ՚ընծայէ քրիստոնէական աշխարհին անգամ մը եւս իրազեկ դառնալու Ազերպայճանի իրականացուցած ցեղային զտման եւ մշակութային ցեղասպանութեան մասին։
Այլին Մելքոմեանց շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն իրենց մասնակցութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան՝ այս կարեւոր ձեռնարկը հիւրընկալելուն համար։ Ան նշած է, թէ Արցախահայութեան ցեղային զտման եւ Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին ձեռնարկները ծրագրելու ընթացքին, խորհուրդներով ու աջակցութեամբ իր հետ կապ հաստատած են բազմաթիւ հին ու նոր ընկերներ, ներառեալ՝ նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, որ երկու բաց նամակներով հայերուն ընդհանուր կոչ ըրած է` Ազերպայճանի մէջ կայանալիք COP29 համաժողովի ծիրէն ներս յստակ ձայն բարձրացնելու Արցախի Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Գանատայէն Վենետիկ ժամանած Մխիթարեան նախկին սան` Յարութիւն Մարտիրոսեան իր սրտի խօսքը արտասանած է իբրեւ ցեղասպանութիւն ապրած ընտանիքի շառաւիղ։
Հանդիսութիւնը ընդգրկած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր. հանրայայտ երաժիշտ դուդուկահար Գէորգ Տաբաղեանի նուագակցութեամբ հնչած են հոգեւոր եւ ժողովրդական մեղեդիներ, իսկ մեներգող Մարիա Ապաժան-Շապեր դուդուկի եւ երգէոնի ընկերակցութեամբ հանդէս եկած է Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ» եւ «Կանչէ կռունկ» երգերով։
Յուշ-երեկոյթը իր աւարտին հասած է Արմաւիրի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Սիոն եպիսկ. Ադամեանի եզրափակիչ խօսքով ու Պահպանիչ աղօթքով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։