Վերանորոգուած է Մայր Աթոռի մատենադարանի՝ 1733 թ. Վենետիկի մէջ տպագրուած Աստուածաշունչը

Մեսրոպ Մաշտոց եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարաններու համագործակցութեան շրջանակին մէջ պարբերաբար վնասուած գիրքերու վերականգնման աշխատանքներ կը կատարուին, որոնց շնորհիւ ալ Սուրբ Էջմիածնի մատենադարանի հնատիպ գիրքերը ֆիզիքական ոչնչացումէ կը փրկուին։

«Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն կը տեղեկացնեն, թէ համապատասխան խնամքի եւ հոգատար վերաբերումի շնորհիւ Մայր Աթոռի մատենադարանի՝ 1733 թ. Վենետիկ տպագրուած Աստուածաշունչը վերականգնուած է եւ նոր կեանք ստացած։

Երկու Մատենադարաններու երկարամեայ համագործակցութիւնը շարունակական է. յառաջիկային եւս կը նախատեսուին նմանատիպ աշխատանքներ։ ■