Search
Close this search box.

Վերանորոգումէն ետք վերաօծուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը

Սեպտեմբեր 29-ին՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին, շուրջ վեց տարի տեւած նորոգութեան աշխատանքներէ ետք, Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Մայր տաճարի վերաօծման արարողութիւնը, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, որուն յաջորդեց Հայրապետական պատարագը։

Արարողութեան ներկայ էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կնոջ հետ, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Ազգային ժողովի նախագահը, Երեւանի քաղաքապետը, կառավարութեան անդամներ, հասարակական, քաղաքական գործիչներ, տարբեր երկիրներէ եկեղեցական պատուիրակութիւններ, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հոծ թիւով հաւատացեալներ։

Հայաստանի նախկին նախագահները հրաւիրուած էին, բայց ներկայ չէին արարողութեան։

Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ հայրապետը Սուրբ Էջմիածնի բարձրագոյն շքանշաններ շնորհեց ազգային-եկեղեցական բարերարներ՝ Սամուէլ Կարապետեանին, Վաչէ Մանուկեանին, Նուպար Աֆէեանին եւ այլ բարերարներու, որոնք զգալի ներդրում ունեցած են Մայր տաճարի հիմնական նորոգման աշխատանքներուն մէջ եւ միշտ կանգնած են Հայ եկեղեցւոյ կողքին։

Պատարագի աւարտին, Գարեգին Բ. իր պատգամին մէջ մասնաւորապէս ընդգծեց.

«Պատմական անբեկանելի ճշմարտութիւն է՝ մարտնչել Սուրբ Էջմիածնի դէմ, նշանակում է մարտնչել հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուածել հայոց պետականութիւնն ու հայ կեանքը պարպել ազգային ու հոգեւոր բովանդակութիւնից:

Սուրբ Էջմիածնի առաքելութիւնը արժեզրկելու որեւէ քայլ նշանակում է փորձել տկարացնել մեր ազգը, խարխլել հիմներն անկախ ու ինքնիշխան կեանքի, որի ջատագովն ու պաշտպանն է հայոց եկեղեցին:

Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ որդիական սիրով, ժողովրդի զօրեղ միաբանութեամբ  է ամուր մեր հայրենիքը:

Հայրապետական մեր պատգամն է ձեզ՝ հաւատաւոր հայ ժողովուրդ, պաշտպանենք մեր երկիրն ու սրբութիւնները, յոյսով ու լաւատեսութեամբ լծուենք մեր կեանքի վերելքին ու առաջընթացին՝ այն խարսխելով արդարութեան, ճշմարտութեան, ազնւութեան վրայ, զօրացնենք ազգանուիրումի, եղբայրասիրութեան, համերաշխութեան ոգին, մերժենք մեզանից անտարբերութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը ու քինախնդրութիւնը, զերծ պահենք մեր պատմութիւնը կեղծիքներից ու խեղումներից, համախումբ հոգ տանենք մեր հայրենիքին՝ գիտակցելով, որ մեր ինքնիշխան երկիրն է երաշխաւորը մեր ինքնութեան պահպանման եւ ազգային իղձերի իրագործման»: