Վերջապէ՛ս յանդուգն ձայն մը

Քալիւրանտ.– «“Երկու կողմերուն” զսպուածութեան կոչեր յղող “անատամ” յայտարարութիւններու ժամանակը չէ»

Մինչ բարձրաստիճան պաշտօններու տէր քաղաքական դէմքեր, կամ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ զազրելի կերպով «ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ»՝ կրակը դադրեցնելու ձրի կոչեր կ՚ուղղեն, վերջապէս յայտնուած է յանդուգն անձնաւորութիւն մը, որ համարձակած է իրերը իրենց անունով կոչել եւ դատապարտած է Ազերպայճանը։

Այսպէս, Եվրոպական խորհրդարանի՝ Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու հարցերու պատուիրակութեան ղեկավար, երեսփոխան Մարինա Քալիւրանտ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր դատապարտած է,– ե՛ւ՝ խստօրէն,– Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի յարձակումը։

«Ես խստօրէն կը դատապարտեմ Ազերպայճանի կողմէ երէկ գիշերուան լայնածաւալ ռազմական յարձակումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գտնուող բազմաթիւ թիրախներու դէմ։ Տեղեկութիւններ կան սաստիկ հրետանակոծութիւններու եւ անօդաչու սարքերով յարձակումներու մասին, որոնք թիրախաւորած են Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի հայկական բնակավայրերը՝ պատճառ դառնալով դեռ անծանօթ թիւով զոհեր»,– նշած է Քալիւրանտ, ընդգծելով որ՝ այս նոր յարձակումը շարունակութիւնն է Մարտին եւ Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ Պաքուի կողմէ հրադադարի կոպիտ խախտումներուն, որոնց ընթացքին ազերպայճանական կողմը օգտուած էր ռուս-ուքրաինական հակամարտութեամբ պայմանաւորուած համաշխարհային եւ տարածաշրջանային իրադրութենէն։

«Կոչ կ՚ընեմ միջազգային հանրութեան ու մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան յստակօրէն պատասխանելու այս անընդունելի ուժի կիրարկման։ “Երկու կողմերուն” զսպուածութեան կոչեր յղող “անատամ” յայտարարութիւններու ժամանակը չէ։ Ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ էր, որ Ազերպայճան ու Հայաստան Պրիւսէլի մէջ համաձայնութեան եկան՝ մինչեւ մէկ ամիս սկսելու համար աշխատանքները խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին վրայ։ Կոչ կ՚ընեմ Պաքուին չմսխել այս պատմական կարելիութիւնը եւ առանց յապաղումի վերադառնալ բանակցային սեղան»,– յայտարարած է Քալիւրանտ։