Search
Close this search box.

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ – Իրանի նախագահին ուղղաթիռը «արկած»-ի ենթարկուած


Կիրակի, Մայիս 19-ի յետմիջօրէին իրանեան լրասփիւռները կը հաղորդէին, թէ Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսին, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր-Ապտոլահեանը փոխադրող ուղղաթիռը «արկած»-ի մը ենթարկուած է։ 

Ըստ երեւոյթին դէպքը պատահած է չափազանց աննպաստ, մշուշոտ օդի պայմաններու տակ, Թեհրանէն շուրջ 600 քմ. հիւսիս-արեւելք՝ Ջուղայի շրջանին մէջ։  Ռեյիսի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը,– որուն անդամներուն մէկ մասն ալ կը գտնուէր այլ ուղղաթիռներու մէջ,– կը վերադառնային Արաքսի վրայ Ազերպայճանի հետ միասնաբար կառուցուած ջրամբարի մը բացման արարողութենէն, մասնակցութեամբ նաեւ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի։ 

Առայժմ «արկածեալ» ուղղաթիռին ճակատագիրը կը մնայ անծանօթ։ Որոնումները կը շարունակուին։