Search
Close this search box.

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ – Կիյոմ Գասպարեան նշանակուեցաւ Ֆրանսայի Բնակարանի նախարար

Վար­չա­պետ Կապ­րիէլ Աթ­թալ Փետ­րո­ւար 8-ին լրա­ցումներ կա­տարեց իր կա­ռավա­րու­թեան կազ­մին մէջ։ Բո­լորին հա­մար անակնկալ մը եղաւ Բնա­կարա­նի նա­խարա­րու­թեան գլու­խը նշա­նակու­մը Էօռ եւ Լո­ւառի երես­փո­խան Կի­յոմ Գաս­պա­րեանի։

Վար­չա­պետին կա­տարած այս ընտրու­թիւնը հե­ռու է միաձայ­նութիւն վա­յելե­լէ։ Ձա­խը եւ մար­դա­սիրա­կան ըն­կե­րակ­ցութիւննե­րը իրենց գայ­թակղու­թիւնը եւ խոր զայ­րոյթը կը յայտնեն ի տես այս նշա­նակու­մին, քա­նի որ Կի­յոմ Գաս­պա­րեան ծա­նօթ է որ­պէս վար­ձա­կալու­թեան հար­ցե­րու մէջ շատ խիստ մի­ջոց­նե­րու կողմնա­կից քա­ղաքա­կան անձնա­ւորու­թիւն մը։ Ան, հե­ղինակն է դա­տարկ բնա­կարան­նե­րու մէջ հաս­տա­տուած­նե­րու (եւ յա­րակից պա­րագա­ներու) ար­տաքսման դիւ­րա­ցու­մը նա­խատե­սող օրէն­քի մը։ ■