Վերջին պատառիկներ՝ Աղաւնոյէն

Օգոստոս 25-ը վերջին օրն էր Աղաւնոյի բնակիչներուն՝ իրենց հայրենի տան մէջ, հայրենի հողերուն վրայ։ 

Ահաւասիկ ի՛նչ պիտի մնայ անոնց ետին, երբեմն քաղցր, երբեմն՝ նուազ քաղցր յուշերէն անդին։  

Իսկ ամէնէն փոքրերը, որոնք ականատես եղան իրենց սեփական տան հրկիզման իսկ, ինչպիսի՜ ապրումներով, տպաւորութիւններով պիտի մեկնին հոնկէ։ Անոնց վաղուան աշխարհը անխուսափելիօրէն պիտի կերտուի ողբերգական աննկարագրելի դրուագներու վրայ…։     

Չափ ու սահման ունի՞ մարդկային ապիկարութիւնը…

Խմբագրական