Search
Close this search box.

Վերջնագիրը ձախողեցաւ

Յունիս 12-ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը դի­մակա­յեց մեծ փոր­ձանք մը։ Բագ­րատ արք.Գալստա­նեանի առաջ­նորդած «Տա­ւուշ յա­նուն հայ­րե­նիքի» շար­ժումը որո­շած էր շրջա­փակել Խորհրդա­րանը եւ պար­տադրել վար­չա­պե­տին որ հրա­ժարա­կան ներ­կա­յաց­նէ։ Այս առ­թիւ վերջնա­գիր ալ տրուած էր. «4 օր, 96 ժամ, խոս­տա­նում եմ ձեզ որ այդ փո­փոխու­թիւնը տե­ղի է ու­նե­նալու»։ Տե­ղին է հարցնել՝ ուրկէ՞ այսքան ինքնավստա­հու­թիւն Սրբա­զանին, երբ Յու­նիս 12-ին հա­զիւ չորս հա­զար հո­գի կրցած էր հա­ւաքել Ազ­գա­յին ժո­ղովին դի­մաց, Բաղ­րա­մեան պո­ղոտա­յին վրայ։ Մա­յիս 9-ի Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարա­կի 30-40 հա­զարի հաս­նող հա­ւաքէն ի վեր եր­թա­լով հե­տեւորդնե­րը պակ­սե­ցան, սակայն ատով հան­դերձ Ար­քե­պիս­կո­պոսին յա­ւակ­նութիւննե­րը մեծ են։ Իսկ Փա­շինեանի կա­ռավա­րու­թիւնը ըստ երե­ւոյ­թին կը վա­յելէ լռե­լեայն հա­ւանու­թիւնը ժողովուրդի զգա­լի մա­սին, որ չան­սա­ց Գալստա­նեանի կո­չին։ Իսկ միւս մասն ալ վստա­հու­թիւն չու­նի Սրբա­զանին հան­դէպ, որ կը վա­յելէ Կա­թողի­կոսին, ՀՅԴ-ՀՀԿ-Քո­չարեան քա­ղաքա­կան ու­ժե­րուն լիար­ժէք զօ­րակ­ցութիւ­նը։

Նա­խան­ցեալ օրե­րուն Գալստա­նեան զա­նազան ազ­դանշան­ներ ղրկած էր որ Խորհրդա­րանը պէտք է գրո­հել, թէեւ ան կը ժխտէ իրո­ղու­թիւնը, սա­կայն պատ­գամնե­րը յստակ են՝ «պի­տի ար­գելափա­կենք որ դուրս չգան», «Յա­ռաջ գնա­լու պահն է առանց վա­խի ու երկմտան­քի. մենք լու­ծե­լու ենք այս խնդի­րը», «Այ­սօր օրն է, գնա­լու ենք Խորհրդա­րանի շէնք», «Վճռո­րոշ պայ­քար»։

Եւ փաս­տօ­րէն տե­ղի ու­նե­ցաւ գրոհ ոս­տի­կանու­թեան վրայ, փորձ՝ կոտ­րե­լու ոս­տի­կանա­կան շղթան, գրա­ւելու հա­մար Խորհրդա­րանը։ Ոս­տի­կանու­թիւնը լու­սա­ձայ­նա­յին նռնակ­նե­րով ետ մղեց յար­ձա­կու­մը։ Շուրջ հա­րիւր հո­գի վի­րաւո­րուե­ցաւ այս դէպ­քե­րու ընթացքին։ Ցայսօր Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանը երեք մեծ գրոհ­նե­րու են­թարկուած է։ Բա­րեբախ­տա­բար չոր­րորդ փոր­ձը կան­խուեցաւ։

Մինչ այդ, դի­ւանա­գիտա­կան մար­զին մէջ ԱՄ­Ն-ու կող­մէ մեծ աշ­խուժու­թիւն կը ցու­ցադրուի։ Արտաքին գործոց փոխնախարար, Եւ­րա­սիական բա­ժան­մունքի պա­տաս­խա­նատու՝ Ճէյմզ Օ՚Պրա­յըն Հա­յաս­տա­նի հետ ԱՄ­Ն-ու ռազ­մա­վարա­կան երկխօ­սու­թիւնը բարձրա­ցուց գործակ­ցութեան աս­տի­ճանին։ Այս առ­թիւ Ռու­սաստա­նէն դժգո­հու­թեան ազ­դանշան­նե­րը չեն պակ­սիր։ Խորհրդա­րանա­կան լսումնե­րու ժա­մանակ՝ վար­չա­պետ Փա­շինեան Պելա­ռու­սի նա­խագահ Լու­քա­շեն­քո­յի՝ Ազեր­պայճա­նին 44-օրեայ պա­տերազ­մի ընթացքին ռազ­մա­կան օգ­նութեան անդրա­դառ­նա­լով, յայ­տա­րարեց որ այ­լեւս ոչ մէկ հայ պաշ­տօ­նեայ պիտի այ­ցե­լէ այդ եր­կի­րը այնքան ատեն որ Լու­քա­շեն­քօ նա­խագահ է, իսկ ՀԱՊԿ-ի մա­սին առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով նշեց, որ յա­ջորդ քայ­լը պի­տի ըլ­լայ այդ կա­ռոյ­ցէն դուրս գա­լը, որով­հե­տեւ այդ կա­ռոյ­ցի ան­դամնե­րը Հա­յաս­տա­նի դաշ­նա­կից ձե­ւանա­լով անոր դէմ աշ­խա­տած են։

Ֆրան­սա­յի հետ եւս ռազ­մա­կան գոր­ծակցու­թիւնը կը զօ­րա­նայ. Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խար­ար Սու­րէն Պա­պիկեան Փա­րիզի մէջ Eurosatory ցու­ցա­հան­դէ­ս այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ ստո­րագ­րեց «Caesar» թնդանօթ­ներու գնու­մի պայ­մա­նագիր, շա­րու­նա­կելով Հա­յաս­տա­նի զի­նամ­թերքի բազ­մա­զա­նու­թիւնը ապա­հովե­լու եւ հայ­կա­կան բանակը արեւմտեան ռազ­մա­կան հա­յե­ցա­կար­գի չա­փանի­շերով օժ­տե­լու ռազ­մա­վա­րու­թիւնը։     

Ժ.Չ. ■