Համասի յարձակումներէն յետոյ Իսրայէլի դրօշը պարզուած էր Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի ճակատը։ Քաղաքապետուհի Ժանն Բարսեղեան Հոկտեմբեր 11-ին հրապարակուած իր նամակին մէջ կը նշէ, որ որոշած է վերցնել Իսրայէլի, Ուքրաինայի եւ Հայաստանի դրօշները՝ համարելով, որ անոնք «կը վնասեն [նպատակադրուած] ուղերձի ընթեռնլիութեան»։ Քաղաքապետարանը փոխարէնը տեղադրած է խաղաղութեան ուղերձ մը, որ ըստ Բարսեղեանի «կը բարձրացնէ մեր արժէքները»:
Քաղաքապետուճին կ՚ըսէ, որ «ուշադիր է իր քաղաքի միաբանութեան եւ միասնութեան նկատմամբ»։ «Սթրազպուրկ՝ եւրոպական մայրաքաղաքը, Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպայի խորհուրդի նստավայրը, կը մնայ կողմնացոյց՝ ժողովուրդներու հաշտութեան, ժողովրդավարութեան, օրէնքի պետութեան եւ մարդկային իրաւանց»,- գրած է ան իր նամակին մէջ։
Սթրազպուրկի քաղաքապետուհիին այս որոշումը խորապէս ցնցած է Բարձր-Հռենոս նահանգի հրեայ համայնքի նախագահ Մորիս Տահանը։ “Կը հաստատեմ, որ Իսրայէլի դրօշը, Ուքրաինայի եւ Հայաստանի դրօշներուն հետ միասին, ըստ կեղծ փաստարկներու՝ կը սպանէ եղեր [համայնքներու միջեւ] հաղորդակցութիւնը։ Միթէ՞ ուղերձը յստակ չէր”, ըսած է Մորիս Տահան:
Ընդդիմութիւնն ալ մամլոյ միացեալ հաղորդագրութիւնով մը խստօրէն կը դատապարտէ «անընդունելի որոշումը» եւ կոչ կ՚ընէ քաղաքապետուհիին յետքայլ ընելու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։