Search
Close this search box.

Վիտալի Բալասանեան ռուս խաղաղապահներէն պահանջած է՝ իրենց պատասխանատւութեան գօտիին մէջ արգիլել ազերպայճանցի լրագրողներու մուտքը

 

Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան դիմած է երկրին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին եւ պահանջած՝ իրենց պատասխանատւութեան գօտիին մէջ արգիլել ազերպայճանցի եւ այլ լրագրողներու մուտքը՝ առանց Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի եւ խաղաղապահ զորակազմի համաձայնութեան։

Նշենք, որ ազերպայճանական haqqin.az լրասփիւռի խմբագիրը ռուս սահմանապահներու ուղեկցութեամբ այցելած է Բերձոր, Աղաւնոյ, ուր ներակայանալով իբրեւ միջազգային կազմակերպութեան լրագրող զրուցած է Աղաւնոյի գիւղապետին եւ այնտեղ գտնուող Հայաստանցիներու հետ։