Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Բանախօսութիւն՝ «Հին Թիֆլիսը հայկական շեշտադրութեամբ» նիւթին շուրջ

Հոկտեմբեր 5-ին, Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Հին Թիֆլիսը հայկական շեշտադրութեամբ» խորագրեալ բանախօսութիւնը:

Պատմաբան Աիդա Բաբաջանեան ներկայացուցած է Թիֆլիսի պատմութիւնը, ընդգծած կրթութեան, մշակոյթի, արդիւնաբերութեան զարգացման մէջ հայ բնակիչներու ունեցած դերը, կեդրոնանալով քաղաքի ճարտարապետութեան, հոգեւոր ու մշակութային յուշարձաններու եւ ընդհանրապէս հայկական հետքերու վրայ:

Բանախօսութիւնը կ՚առնչուէր մինչև 19-րդ դարու կէսերու ժամանակաշրջանին,  երբ Թիֆլիսի մէջ առանձնապէս բուռն էր  հայազգի ձեռնարկատէրերու, գիտութեան, մշակոյթի  գործիչներու, եկեղեցւոյ առաջնորդներու, հոգեւորականներու շինիչ, ստեղծագործական շունչը, դպրոցներու հիմնադրումը, արտասահմանի մէջ մասնագիտական կրթութիւն ստանալէ ետք հայորդիներու  վերադարձը եւ քաղաքի զարգացման, շէնացման և կառավարման գործին անոնց նուիրումը:

Աւարտին, բանախօսին ուղղուած հարցումները կը վերաբերէին եկեղեցաշինութեան, դպրոցներուն, մայրենի լեզուին, շէնք-շինութիւններուն: