Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Գրական-գեղարուեստական երեկոյթ՝ «Յովհաննէս Թումանեանը եւ Վրաստանը» խորագրով

Մարտ 16-ին, Վիրահայոց թեմի «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է գրական-գեղարուեստական երեկոյթ մը՝ «Յովհ. Թումանեանը եւ Վրաստանը» խորագրով: Ներկայ եղած են Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեան, վրացի գրողներ, բանաստեղծներ, հայագէտներ, թարգմանիչներ, ուսուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու  ղեկավարներ,  հայ եւ վրացի  ուսանողներ, վիրահայ մտաւորականներ: 

Օրուան բանախօսներու ելոյթները նուիրուած էին ժողովրդական մեծ բանաստեղծին եւ հայ-վրացական յարաբերութիւններու արժեւորման։ Անոնք անդրադարձած են Ներսիսեան հոգեւոր դպրոցին մէջ Թումանեանի ուսանելու ժամանակաշրջանին, հայ եւ վրացի ստեղծագործողներէն կատարուած թարգմանութիւններու, 1918-ին Թիֆլիսի պետական համալսարանի  բացման տարիներուն Թումանեանի ներդրած աւանդին:     

Գեղարուեստական բաժնին մէջ Նաթալիա Միրզոյեան արտասանած է Թումանեանի «Շունն ու կատուն» (վրացերէնով), իսկ Այտա Բազոյեան-Սուրմալեան եւ Արման Պապիկեան մեկնաբանած են հատուածներ՝ Սայեաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն։