Search
Close this search box.

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Երիտասարդ ստեղծագործող Գոռ Սիմոնեանի «Հայելու առաջ» գիրքին շնորհահանդէսը

Նոյեմբեր  26-ին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է երիտասարդ ստեղծագործող Գոռ Սիմոնեանի «Հայելու առաջ» անդրանիկ գիրքին շնորհահանդէսը:

Կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահը լեցուած է հանդիսատեսերով, մեծամասնութիւնը՝ Թիֆլիսի տարբեր համալսարաններու ուսանողներ: Երեկոյթը հետաքրքրութիւն ստեղծած է, քանզի ուսանողական տարիքի երիտասարդ հեղինակը իր յոյզերը, ապրումները, պատկերացումներն ու գաղափարները ներկայացուցած է իր տարեկից ընկերներուն՝ վերլուծելու անցեալը, խթանելու ներկան, ստեղծելու ապագայի տեսլականը:  Յենլով իր անձնական զգացածին ու ապրածին վրայ, Գոռ Սիմոնեան իր հատորին ընդմէջէն առաջարկած է խնդիրներու հիմնաւորումը խանգարող տասը արդիական լուծումներ:

Ժողովածուի  մասին վերլուծական խօսքով հանդէս եկած է բանասէր փրոֆ. Էմմա Ախտեան: Վերջինս արժեւորելով հեղինակին կողմէ նկարագրուած իրական պատմութիւնները եւ  հերոսներու կեանքի դէպքերը, անդրադարձած է  այն վախերուն, վտանգներուն, որոնք կը խանգարեն տարբեր մտայղացումներու իրականացումը եւ որոնց համար լուծում կ՚առաջարկէ երիտասարդ ստեղծագործողը։

Սրահին մէջ ներկայ երիտասարդները իրենց ելոյթներով, արտայայտած  կարծիքներով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծած են։

Երեկոյթը ամփոփած է «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Եւգենիա Մարկոսեան: Ներկաները ստացած են հատորին օրինակները՝ հեղինակին մակագրութեամբ: