ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Թիֆլիսի մէջ նշուած է Թումանեանի ծննդեան 153-ամեակը

Փետրուար 19-ին, Թիֆլիսի մէջ նշուած է հայ մեծանուն գրող, բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 153-ամեակը։

Վիրահայ համայնքին եւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչները այցելած են Հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնը եւ ծաղիկներ խոնարհած Թումանեանի շիրմաքարին։ Լուրը կը հաղորդեն ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութենէն։

Վիրահայ դպրոցականներն ու Վիրահայոց թեմի նախակրթարանի փոքրիկներն ալ արտասանած են Թումանեանի ստեղծագործութիւնները։

Գիրք նուիրելու օրուան կապակցութեամբ Պանթէոնին մէջ յարգուած է նաև իրարու գիրք նուիրելու աւանդութիւնը։