ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Հայոց պատմութեան դասախօսութիւն՝ շաղախուած հայ բանաստեղծութեան գոհարներով

 

Յունիս 26-ին,  Թիֆլիսի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Վանաձորէն հրաւիրուած  գրող, գրականագէտ, պատմագէտ Կարօ Վարդանեանի և ասմունքի վարպետ Ջիւան Սարի (Սարգսեան) հետ: 

Հայոց պատմութեան  էջերէն բխող հայրենասիրութեան ոգին կը  թեւածէր կեդրոնի դահլիճին մէջ: Հանդիսատեսը եկած էր ունկնդրելու ազգային հերոս, արժանաւոր հայորդի Անդրանիկ Օզանեանի  գործունէութեան,  անոր անսահման հայրենասիրութեան,  հայրենիքի պաշտպանութեան  համար մղած մարտերու եւ սխրանքներու պատումները:

Կարօ Վարդանեանի դասախօսութիւնը ո՛չ միայն կը պարունակէր Անդրանիկի հերոսական ճակատամարտերու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ, այլեւ ան ներկայացուց փաստարկներ եւ հրամանատարի մասին տարբեր մարդոց յուշերը։ Ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն դասախօսը գիտականօրէն հիմնաւորուած պատասխաններ տուաւ։

Ասմունքող Ջիւան Սարի հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները շաղկապուեցան դասախօսութեան ոգիին, վեր հանելով մայր հայրենիքի նկատմամբ կարօտը, Հայաստանի օրհասական  ներկայի, 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով հազարաւոր զոհերու եւ տարածքներու կորուստի ցաւը:  

Ձեռնարկի աւարտին Կիրակոս քահանայ Սիմոնեան հաղորդեց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի օրհնութիւնը։ Ան խօսեցաւ հայ ժողովուրդի  դաժան ճակատագրին,  մազապուրծ փրկուած եւ աշխարհով մէկ սփռուած Հայութեան մասին, որ պէտք է ապրի, յարատեւէ ու բազմանայ: