Յունուար 10-ին, Թիֆլիսի հանդիսութիւններու տան մէջ, Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը հանդէս եկած է «Վերադարձ» ներկայացումով, նուիրուած՝ Փարաճանովի 100-ամեակին։
Ձեռնարկին ներկայ դեսպան Աշոտ Սմբատեան շնորհակալութիւն յայտնած է թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Դադասեանին՝ գեղեցիկ ու տպաւորիչ բեմադրութեան դերասաններուն` իրենց կատարողական բարձր արուեստին համար։
Ան դրուատած է նաեւ կազմակերպիչներու աշխատանքը՝ յանձին «Noumen Art» ժամանակակից միջազգային փառատօնի հիմնադիր Գիորգի Դաւիթաշվիլիի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։