Search
Close this search box.

Վրաստա՞նն ալ դէպի քաոս

Հոկտեմբեր 26-ին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք ըստ դիտորդական հաւաստի աղբիւրներու՝ թատերաբեմ հանդիսացան ամէն տեսակի անկարգութիւններու եւ խարդախութիւններու։ 

Մինչ երկրի ընդհանուր համայնապատկերը որոշ ժամանակէ ի վեր դէպի Եւրոպա թեքում մը կը մատնէր, ընտրութիւններէն «անակնկալօրէն յաղթական» դուրս եկաւ «Վրացական երազանք» ռուսամէտ կուսակցութիւնը։ 

Ընտրութիւններու առաջին արդիւնքներու յայտարարուած օրէն, այսինքն աւելի քան ամիսէ մը ի վեր օր չ՚անցնիր որ Վրաստան, յատկապէս Թիֆլիս, առանց բողոքի ցոյցի, բախումներու խաղաղ օր մը ապրի։ 

Եւրոպական խորհրդարանն ալ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28-ին ընդունած բանաձեւով պահանջեց նոր ընտրութիւններ,  «խարդախուած ու ժողովուրդին իսկական կամքը չցոլացնող» որակելով Հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցածները։ 

Սակայն այս բոլորին մէջ ամէնէն յատկանշականը եւ ուշագրաւը նախագահուհի Սալոմէ Զուրապիշվիլիի դիրքորոշումն է, որ որպէս եւրոպամէտ կը զօրակցի բնականաբար փողոց իջած ժողովուրդին եւ պաշտօնապէս ալ յայտարարած է թէ անոնց կողքին է, ինչ որ կը նշանակէ երկրի ղեկավար դասուն սրտին վրայ իսկ խոր ճեղք մը։ Ան նաեւ պատասխանելով իր հրաժարականը պահանջող կառավարամէտ («Վրացական երազանք»-էն կամ անոր մօտիկ) ձայներուն, ըսած է, թէ նման քայլի ոչ մէկ միտում ունի։

Այս բոլորը լաւատես վաղորդայն մը չեն ներշնչեր Վրաստանի համար, որ արդէն բաւական խառնակ տարածաշրջանի մը յարաբերաբար ամէնէն «անհոգ» պետութիւնն էր։