Վրաստանի նախագահուհի Սալոմէ Զուրապիշվիլի Դիմագիրքի իր էջին գրառումով՝ Լոռիի մարզը «պատմական Վրաստան» ներկայացնող զբօսաշրջային ընկերութեան տեսակէտը բաժնած է։
Լոռիի մարզ ճամբորդութիւններ կազմակերպող «Adjara voyage» զբօսաշրջային ընկերութիւնը այս կապակցութեամբ իր գովազդային յայտարարութեան մէջ նշած է.
«Մէկ այլ տխուր, բայց պարտադիր շրջագայութիւն… Պատմական Վրաստան։ Իւրայատուկ մշակոյթ, որ ցաւօք մնաց Լոռիի մէջ։ Յիշենք եւ փառաբանենք յաւերժական, առեղծուածային եւ մեծ Վրաստանը»։
Հրապարակման մէջ Հայաստանի Ախթալայի, Քոբայրի, Սանահինի, Հաղպատի, Օձունի եկեղեցիներն ու այլ մշակութային յուշարձանները ներկայացուած են իբրեւ «պատմական Վրաստան»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։