Վրաստանի վարչապետը աշխատանքային այցով ժամանած է Հայաստան եւ Դիլիջանի մէջ հանդիպում ունեցած Նիկոլ Փաշինեանի հետ

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Յունիս 18-ին  աշխատանքային այցով ժամանած է Հայաստան:

Նոյն օրը, Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի հանդիպում ունեցած են Դիլիջանի մէջ:

Երկու երկիրներու վարչապետերը նշած են, որ բարձրաստիճան յաճախական շփումները կը վկայեն հայ-վրացական յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին մասին:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգային հարցերն ու հեռանկարները: Մտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային իրավիճակին եւ զարգացումներուն շուրջ:

Կողմերը վերահաստատած են բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու պատրաստակամութիւնը եւ համաձայնած՝ շարունակելու գործուն երկխօսութիւնը։