Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ նախնական տուեալներով կը յաղթէ իշխանութեան «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը։
Ըստ Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած առաջին արդիւնքներուն՝ «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը ձեռք ձգած է ձայներու 52,94 տոկոսը։ «Դաշինք յանուն փոփոխութիւններու»-ն ստացած է ձայներու 11,9 տոկոսը, «Միասնութիւն֊ազգային շարժում»-ը՝ 9,79 տոկոսը, «Ուժեղ Վրաստան»-ը՝ 9,05 տոկոսը, «Կախարիա յանուն Վրաստանի» կուսակցութիւնը՝ 8,26 տոկոսը։
Հայաստանի դրացի երկրի մը քաղաքական ապագայ ուղղութեան տեսանկիւնէն իրենց պարզած կարեւորութենէն անդին՝ այս ընտրութիւնները յատկանշական են նաեւ այն առումով, որ ռուսամէտ «Վրացական երազանք»-ի յաղթանակով Ռուսաստան կարեւոր անկիւնաքար մը կ՚ապահովէ տարածաշրջանին մէջ, ոչ-արհամարհելի յաղթանակ մը տանելով Եւրոպայի դէմ, անոր հետ Վրաստանի տարածքին վերջին տարիներուն ծայր առած «բազկամարտ»-ին մէջ։
Քանի մը երկիրներու ղեկավարներ, ներառեալ՝ Հայաստանի վարչապետը, Ազերպայճանի նախագահը, Հունգարիոյ վարչապետը արդէն շնորհաւորած են Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն՝ խորհրդարական ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակին համար։
“Սա ամբողջովին կեղծիք էր, ձեր ձայներու ամբողջական գողութիւն։ Մենք դարձանք ռուսական յատուկ գործողութեան վկաներ ու զոհեր”,– մեկնաբանած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի։
Ան յայտարարած է, որ չի ճանչնար խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ կոչ ըրած էր բնակչութեան Երկուշաբթի օր բողոքի ցոյց կատարելու Թիֆլիսի մէջ, խորհրդարանի շէնքին մօտ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։