ՎՐԱՍՏԱՆ. Սերգէյ Փարաջանովի անունը կրող փողոց՝ Թիֆլիսի մէջ

Թիֆլիսի Մթածմինդա թաղամասին մէջ Սերգէյ Փարաջանովի անունով վերակոչուած փողոցի ցուցատախտակին բացումը կատարուած է, Սաքրեպուլոյի (քաղաքային խորհուրդ) աննուններու եւ խորհրդանիշերու յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ: Լուրը հաղորդած է վրացական «Առաջին ալիք»-ը։

Սերգէյ Փարաջանովի անունով կոչուած է Քոթէ Մեսխիի նրբանցքը, ուր ապրած է բեմադիրը: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, մշակոյթի, արուեստի բնագաւառի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Փարաջանովի ընկերներն ու հարազատները:

“Կարեւոր Է, որ իւրաքանչիւր թիֆլիսցի, մեր երիտասարդութիւնը, ապագայ սերունդը յիշէ հանճարեղ նկարիչը, որ մեծցած Է մեր մայրաքաղաքին մէջ”,– ըսած Է Թիֆլիսի Սաքրեպուլոյի ներկայացուցիչը՝ Մթածմինդայի շրջանէն երեսփոխան Զուրապ Ապաշիձէ: Ան ընդգծած Է, որ քաղաքային խորհուրդը եւ քաղաքապետարանը ամէն ինձ կ՚ընեն, որ յաւերժացուի Փարաջանովը, եւ փողոց մը բեմադիրին անունով կոչելը ատոր ակնառու օրինակն Է: Փարաջանովի «Աշուղ Ղարիբ», «Նռան գոյնը» եւ «Մոռցուած նախնիներու ստուերները» ֆիլմերը պաշտամունքի առարկայ դարձած են։ Ան հսկայական ազդեցութիւն գործած է ժամանակակից բազմաթիւ նկարիչներու, շարժանկարի բեմադիրներու եւ լուսանկարիչներու վրայ:

Խմբագրական