Search
Close this search box.

Տագնապալի օրեր

Հայութիւ­նը այս տարի Ապ­րի­լ 24-ը կը դի­մաւո­րէ տագ­նա­պահար։ Ոգե­կոչ­ման թուակա­նը զուգադիպե­ցաւ Տա­ւու­շի մէջ Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան սահ­մա­նազատ­ման գոր­ծընթաց­ին եւ ռուս խա­ղաղա­պահ ու­ժե­րու Ար­ցա­խէն մեկնումին։ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդը տա­րաբ­նոյթ ըն­կա­լում ու­նի կա­ռավա­րու­թեան սահ­մա­նազատ­ման գոր­ծընթացին նկատմամբ։ Տա­ւու­շի բնակ­չութեան մտա­վախու­թիւննե­րը ար­դա­ր են, նկա­տի առ­նե­լով ազե­րական կող­մի անվստա­հելի վար­քը եւ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ ան­դա­դար գոր­ծա­ծած սպառ­նա­լից խօ­սոյթն ու հա­յատեաց յայ­տա­րարու­թիւննե­րը։ Վար­չա­պետը տե­ղացի­ներուն հետ հան­դի­պու­մին՝ սահ­մա­նազատ­ման գոր­ծընթաց­ին Տա­ւու­շէն սկսիլը ար­դա­րացուց ընդգծե­լով ազե­րական կող­մին յար­ձա­կման վտան­գը, բայց միաժա­մանակ շեշ­տե­լով այդ մար­տահրա­ւէրը ստանձնե­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը՝ խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծընթաց­ին հիմ­քը դնե­լու հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի Արեւմտեան մի­ջազ­գա­յին գոր­ծընկեր­նե­րէն շա­տեր, բայց նաեւ Իրա­նը, Արա­բական էմի­րու­թիւննե­րը, Քա­թարը ող­ջունե­ցին սահ­մա­նազա­տու­մի առա­ջին քայ­լը իբ­րեւ խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցին սկիզբը։ 

Ռու­սաստա­նի նա­խագա­հին բանբերը՝ Տմիթ­րի Փես­քով անդրա­դար­ձաւ Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նազատ­ման, ինչպէս նաեւ այնտեղ 2020-ի պա­տերազ­մէն ի վեր կա­յանած ռուս սահ­մա­նապահ զօր­քե­րու յե­նակէ­տերու փա­կու­մին։ Միա­ժա­մանակ, Ար­ցա­խէն եւս ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րը սկսան մեկնիլ, նախ­քան հնգա­մեայ ժամ­կէ­տին աւարտը 2025-ին, 

ինչպէս որ նախատեսուած էր Հա­յաս­տանի, Ազեր­պայճա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ 2020-ին գո­յացած հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Այս նա­հան­ջին զու­գա­հեռ պի­տի փա­կուին նաեւ Սիւ­նի­քի մէջ հաս­տա­տուած ռու­սա­կան բա­նակի յե­նա­կէ­տե­րը։ 

Ֆրան­սա Պա­քուի իր դես­պա­նը խոր-

հըրդակ­ցութեան հա­մար ետ կան­չած ըլ­լա­լով, տա­կաւին պաշ­տօ­նապէս չար­ձա­գան­գեց սահ­մա­նազա­տու­մին, ան­կասկած Ազեր­պայճա­նի հետ իր ու­նե­ցած դի­ւանա­գիտա­կան տագ­նա­պին պատ­ճա­ռով։ Իսկ Վրաս­տան չորս օր ու­շա­ցու­մով ող­ջունեց գոր­ծընթացին սկսիլը։ Տա­ւու­շի մէջ, Հա­յաս­տան-Ազեր­պայ­ճան սահ­մա­նազա­տման՝ սպառ­նա­լիքի պայ­մաննե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­նալը կրնայ ախոր­ժա­լի չըլ­լալ Վրաս­տա­նին, որ նոյնպէս՝ սահ­մա­նի այդ հա­տուա­ծին մէջ Ազեր­պէյճա­նի հետ ու­նի սահ­մա­նազատ­ման չլու­ծուած տա­րածքներ։ 

Վրաս­տան, Ռու­սաստա­նի հետ ան­մի­ջական սահ­մա­նակից ըլ­լա­լով եւ հա­կառակ Եւ­րո­պական Միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու թեկ­նա­ծու­թեան, կը վա­րէ շատ զգու­շա­ւոր քա­ղաքա­կանու­թիւն մը, չվրդո­վե­լու համար Ռու­սաստա­նը։ Վեր­ջերս, Վրաս­տա­նի խորհրդա­րանին մէջ օտար գոր­ծա­կալ­նե­րու օրէն­քի ըն­դունու­մը եւս Ռու­սաստա­նի հետ մեր­ձեցման ար­տա­յայ­տութիւն կը նկա­տուի տեղ­ւոյն ընդդի­մու­թեան կող­մէ, որուն դէմ ժո­ղովրդա­յին մեծ բո­ղոքի ալիք մը ծայր առած է։

Ար­ցա­խի կո­րուստով Ռու­սաստա­նի դիր­քե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ տկա­րացած են, սակայն Ռու­սաստան ու­նի կա­րեւոր տնտե­սական եւ ժո­ղովրդագ­րա­կան լծակ­նե­ր ազ­դե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան գոր­ծընթացնե­րուն վրայ. բայց եւ այնպէս, կորսնցուց իր կա­րեւո­րագոյն լծա­կը՝ Ար­ցա­խը։ Նոյ­նիսկ ռուս վեր­լուծա­բան­ներ կ՚անկնար­կեն այս երե­ւոյ­թին, ինչպէս՝ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի ռու­սա­կան հիմնարկի նա­խագահ Եւ­կե­նի Սա­թանովսքի յայ­տա­րարած է. «Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ վեր­ջակէտը դրուած է Ռու­սա­կան կայսրու­թեան, Սո­վետա­կան միու­թեան եւ Ռու­սաստա­նի դաշ­նակցութեան վեր­ջին երեք­հա­րիւր յի­սուն տա­րուան պատ­մութեան։ Անդրկով­կա­սի ապա­ռու­սա­կանա­ցու­մը փաստ է, եւ անոր դէմ վի­ճիլը անի­մաստ է»։ 

Հա­յաս­տան ուղղա­կի սահ­ման չու­նե­նալով Ռու­սաստա­նի հետ, վեր­ջի­նիս ազ­դե­ցու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի վրայ կրնայ ըլ­լալ միայն ռազ­մա­վարա­կան ան­կեղծ գոր­ծընկե­րու­թեան եւ եր­կուստեք տնտե­սական շա­հերու պաշտպա­նու­թեան միջոցով։ Ար­ցա­խի կո­րուստով՝ Ռուսաստանի վստա­հու­թեան վար­կա­նիշը իջաւ նուազա­գոյ­նի, նոյ­նիսկ տնտե­սական շա­հերը եւ ռու­սա­հայ սփիւռքի գոր­ծօնը դար­ձան անզօր։

Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան որ­դեգրած խա­ղաղու­թեան խա­ղաթուղթը վտանգնե­րէ զերծ չէ։ Սա­կայն պէտք է ըն­դունիլ որ Հա­յաս­տա­նին սպառ­նա­ցող մե­ծագոյն վտան­գը կը մնայ ար­տա­գաղ­թը։ Քո­չարեան-Սարգսեան վար-

չա­կար­գի օրե­րուն եթէ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րը կ՚ար­տա­գաղ­թէին անար­դա­րու­թեան, հարստա­հարու­թեան, կա-

շառակերու­թեան, բռնաճնշումնե­րու եւ 

Ազեր­պայճա­նի հետ պա­տերազ­մի պատ­ճա­­ռով, այ­­սօր դեռ կ՚ար­­տա­­­գաղ­­թեն գլխաւորաբար Ազեր­­պայճա­­նի հետ պա­­տերազ­մի վտան­գին պատ­ճա­ռով։ Այս իրա­վիճա­կը հաշ­տութեան ու խա­ղաղու­թեան ու­ղիէն զատ այ­լընտրանք չի ձգեր ՀՀ կա­ռավա­րու­թեան։     

Ժ.Չ.