Ազերպայճանցի խումբ մը հասարակական գործիչներ կոչ ըրած են միաւորելու թրքական(*) ջանքերը հայկական ազգայնականութեան դէմ պայքարի գծով` վկայակոչելով Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ցեղային զտումները: Յայտարարութիւնը կատարուած է Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Տաշքենթի մէջ տեղի ունեցած «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ազերպայճան եւ թրքական աշխարհ» խորագրով «գիտաժողով»-ի ընթացքին, ուր ազերպայճանցի բանախօսները դիմած են ուզպեք պատասխանատուներուն, օտար հիւրերուն եւ հանրութեան՝ «տարածաշրջանին մէջ թուրքերու (*) դիմագրաւած պատմական անարդարութիւններուն մասին»։
Ձեռնարկին ընդգծուած է « 20-րդ դարասկզբին հայ ազգայնականներու գործած վայրագութիւնները »՝ կեդրոնացուած է «ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան՝ նախկին Արեւմտեան Ազերպայճանի տարածքին թուրքերու ցեղային զտումներուն վրայ»:
“Այս գիտաժողովի նպատակն է բարձրացնել համատարած իրազեկութիւնը Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ թրքախօս ազգաբնակչութիւններու դէմ գործուած ցեղային զտումներու պատմութեան մասին”,– ըսած է ազերպայճանցի հասարակական գործիչ եւ Միլլի Մեճլիսի (Ազգային ժողով) թեկնածու Եասեմէն Կարակոյունլու, ըստ Turan News ազերպայճանական գործակալութեան հաղորդած լրատւութեան։
Ան անդրադարձած է «պատմական իրադարձութիւններուն», ինչպէս օրինակ՝ «1918-ին Զանգեզուրի մէջ 35.000 ազերիներու ջարդին»: Ան նաեւ մատնանշած է «1924-ին Քերքուքի (այժմ՝ Իրաք) սպանութիւնները, ուր հայերը, բրիտանացիների աջակցութեամբ, սպանեցին 280.000 թուրքեր»:
Կարակոյունլուի համաձայն՝ «հայ դաշնակները պատասխանատու են Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ, ներառեալ՝ Ուզպեքիստանի մէջ, հարիւրհազարաւոր թուրքերու մահուան»։
«Գիտաժողով»-ին ընդգծուած է կարեւորութիւնը «1918-ին թուրք հրամանատար Նուրու փաշայի բանակին ժամանումին Ազերպայճան եւ Տաղստան, որ կանխեց տեղի մահմետական բնակչութեան լիակատար ոչնչացումը»։ Կարակոյունլու նաեւ յիշեցուցած ներկաներուն, որ «20-րդ դարու սկիզբէն Արեւմտեան Ազերպայճանէն,– որ այժմ Հայաստանի տարածքն է,– աւելի քան 1,5 միլիոն ազերպայճանցի տեղահանուած է»:
Տաշքենթի ազերպայճանա-թրքական տան կազմակերպած այս «գիտաժողով»-ը աւարտած է բանաձեւի մը ընդունմամբ, որ կոչ կ՚ընէ «միաւորելու թրքական ջանքերը՝ պայքարելու համար հայկական ազգայնականութեան եւ թրքատեացութեան դէմ»:
_______
(*) Լրատւութեան մէջ, «թրքական» եւ «թուրք» եզրերը գործածուած են համայն թրքական արմատ ունեցող ազգաբնակչութիւններուն համար. այլ խօսքով՝ փանթուրքականութեան մաս կազմող ժողովուրդներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։