Բաղրամեան պողոտային վրայ Յունիս 17-ին տեղի ունեցած է «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումի յաջորդական հանրահաւաքը։
Շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան հանրահաւաքին յայտարարած է, որ սոյն հանրահաւաքին նպատակն էր աջակցիլ Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու նախաձեռնութեան, ըստ որուն՝ պէտք է գումարուէր արտակարգ նիստ «Կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին» օրակարգով։
Սակայն այս նիստը տեղի չէ ունեցած անհրաժեշտ մեծամասնութեան չգոյանալուն պատճառով։ Ի դէպ, Բագրատ սրբազան յայտարարած է, որ կանխատեսելի էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխաններուն չներկայանալը նիստին։
Անդրադառնալով յառաջիկայ ընելիքներուն` ան յայտարարած է, որ պիտի շարունակեն Շարժումը՝ ընդլայնելով իրենց գործունէութեան գործիքակազմն ու մեթոտները։
Ըստ այդմ՝ կը նախատեսուի Շարժումին համախոհներու հաւաքներ Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր ըստ Բագրատ արք. Գալստանեանի, պիտի կատարուի տեղեկատւութիւն, տեղի պիտի ունենան գաղափարական զրոյցներ՝ ցոյց տալու շարժման ընթացքը։
“Մեզ համար նահանջ գոյութիւն չունի, ժողովո՛ւրդ։ Երբեք մտքներովդ չանցնի, որ սա նահանջի փուլ է։ Այս փուլը վերակազմակերպուելու փուլ է, աւելի մեծ դարձնելու փուլ է, համաժողովրդական փուլ է։ Վստահեցնում եմ ձեզ, մենք հասնելու ենք յաղթանակի”,– ըսած է ան։ Սրբազանին կարծիքով` Շարժումը աւելի թիրախային բնոյթ պիտի կրէ ու պիտի ծաւալի ամբողջ Հայաստանի մէջ։
Աւելցնենք, թէ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումի կազմակերպած բողոքի ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուածներէն 58-ին նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է, իսկ 29 հոգի ալ դատապարտուած է բանտարկութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։