Search
Close this search box.

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին անդամները Կիրանց գիւղէն քալերթով մեկնած են դէպի մայրաքաղաք

Մայիս 4-ին, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին անդամները Կիրանց գիւղէն քալերթով մեկնած են դէպի Երեւան, ուր պիտի հասնին Մայիս 9-ին։

Քայլերթէն առաջ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան յայտարարած է. “Միակողմանի զիջումների այս աղէտալի ընթացքը վերջ ու սահման չունի. հիւսիսից հարաւ մենք մեծ, անհասկանալի արիւնահոսութեան գործընթացում ենք գտնւում։ Այս գործընթացը պէտք է դադարեցուի”։ Ան շեշտած է թէ Շարժումը ապակուսակցական է, սեւերու եւ սպիտակներու պայքար չէ, այլ իրենք հանդէս կու գան Եռագոյնով։