Search
Close this search box.

«Տափի բերդ» ամրոցի պեղումներուն յայտնաբերուած են կարասներ, կճուճներ, միագոյն ջնարակով պատուած ձիթաճրագի յատակամաս մը

Հոկտեմբեր 15-էն ի վեր սկսած են Հայաստանի Արարատի մարզի Ուրցաձոր գիւղէն 6 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք, Խոսրով գետի աջ ափին, բարձունքի վրայ գտնուող Տափի բերդի պեղումները։

Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի արշաւախումբը (ղեկավար՝ Մերի Սաֆարեան) կ՚իրականացնէ ամրոցի հարաւային եւ արեւելեան պարսպապատերուն յարակից հատուածները մաքրելու աշխատանքներ եւ մասնակի պեղումներ։
Այդ յարակից մասերու սենեակներէն մէկուն անկիւնը պահպանուած են կրապատ յատակի եւ պատի ծեփի մնացորդներ։

Վերոնշեալ կեդրոնին համաձայն՝ յայտնաբերուած են ելուստ գօտիներով յարդարուած կարասներու, տարբեր պահեստարաններու, կճուճներու ու թասերու բեկորներ, կարմիր փայլով նրբիրան անօթներու կտորներ, ինչպէս նաեւ կապտափիրուզաւուն միագոյն ջնարակով պատուած ձիթաճրագի յատակամաս մը։

Պեղումները կը շարունակուին։