Գրեց՝ ԵԴՈՒԱՐԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ճիշդ 50 տարի առաջ՝ 1972 Յունիս 4-ին, Տեսինի մէջ բացուեցաւ Եւրոպայի առաջին հայկական յուշարձանը՝ նուիրուած 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերուն։ Սոյն միջոցառումը ստացաւ ազգային տարողութիւն, քանի որ Ֆրանսայի մէջ այս եզակի նախագիծը հայկական լրասփիւռներուն կողմէ համարուեցաւ ինքնատիպ, յաւակնոտ եւ բացառիկ։ Անոր գլխաւոր երեք հերոսներն էին Տեսին-Շարփիէօի քաղաքապետ եւ Ռոնի գլխաւոր խորհրդական Փիէր Մութէն (1925-2021), որ իր ամբողջ ներուժն ու հմտութիւնները ի գործ դրած է անհրաժեշտ վարչական արտօնութիւնները ձեռք ձգելու համար, քանդակագործ Ռոպէր Տառնաս (1913-1980), որու հարկ եղած է աւելի քան երկու տարի իր ստեղծագործութիւնը աւարտելու համար, եւ Մեսրոպ Պայընտրեան (1902-1996), որպէս հայկական ծուխի գործուն անդամ, համակարգող, որ երբեք չէ խնայած իր ժամանակը եւ ուժը՝ միջոցներ հայթայթելու նպատակով ամբողջ Ֆրանսայի մէջ, որքան կարելի է՝ այնքան շուտ իրագործելու համար այս առաքելութիւնը: Նախապէս զետեղուած էին միայն 1965-ին Պիքֆայայի (Լիբանան), 1967-ին Ծիծեռնակաբերդի եւ 1968-ին Լոս Անճըլըսի մէջ Մոնթեպելլոյի յուշարձանները։
Տեսինի յուշարձանը կը գտնուի Place de la Libération-ի (Ազատագրման հրապարակ) վրայ, որ բացուած էր տասը տարի առաջ՝ նշելու համար քաղաքի ազատագրման 20-ամեակը: Բայց եւ այնպէս, սկիզբը որոշ շփոթ ստեղծուած էր, քանի որ ան անուանուած էր «Ժան Ժօռէս»՝ քաղաքի գլխաւոր այն պողոտային անունով, որ կ՚առաջնորդէ դէպի այդ վայրը։ Այսօր տեղացիները զայն աւելի յաճախ կ՚անուանեն Հայոց հրապարակ, քանի որ ան կը գտնուի հայ համայնքի թաղամասի սրտին վրայ, մինչ տասնամեակներէ ի վեր ան եղած էր բանուորներու յատկացուած բանջարանոցներու (որոշ շրջան մը լայն տարածում գտած սովորութիւն մը – «ՆՅ») տարածք, զորս գլխաւորաբար կը շահագործէին ընդամէնը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող «Ժիֆրեր Պարպըզա» գործատան բանուորները։ Յուշահամալիրի վայրը միաձայնութեամբ ընտրուած է 1965 թուականին, որ կը յատկանշուէր Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցով, բայց նաեւ կը զուգադիպէր քաղաքապետական ընտրութիւններուն, որոնց ընդառաջ հիմնական երկու ցանկերը կ՚ուզէին ժեստ մը ընել ի նպաստ հայ համայնքին։
Յիսնամեակ՝ միաբան մթնոլորտի մէջ
Այսպէս է, որ պաշտօնաւարտ քաղաքապետը յանձնառու եղած էր Branly փողոցը վերանուանելու «rue du 24 avril 1915» (ի դէպ, քաղաքապետարանի որոշումը կայացուեցաւ միայն Յունիս 2-ին), քանի որ այս ճամբուն վրայ բնակողներուն մեծամասնութիւնը Հայեր էին, հոն կը գտնուէր նաեւ համայնքի տունը եւ Հայ առաքելական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական եկեղեցին՝ շուրջ յիսուն մեթր անդին։ Միւս ցանկը, որ յաղթական դուրս եկաւ ընտրութիւններէն, խոստացաւ յուշարձան մը բարձրացնել՝ յարգելու համար 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ Այսպէսով, 1965 Ապրիլ 24-ին, Շաբաթ օր մը, նոր քաղաքապետութեան պիտի վիճակէր քօղազերծել փողոցի նոր ցուցանակը, այնուհետեւ անմիջապէս անցնէր յուշարձանի առաջին քարի զետեղման արարողութեան, մինչ քաղաքային խորհուրդը այս մասին իր սկզբունքային համաձայնութիւնը պիտի տար միայն 1966 Մարտ 19 թուականին: 1965-ին կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ կը համախմբէր տեղական համայնքի բոլոր հոսանքները, հիանալի կերպով կառավարեց ոգեկոչման այս յոբելինական օրուան համար նախատեսուած բոլոր ձեռնարկները: Յաջորդ տարի ստեղծուեցաւ (1966 Նոյեմբեր 10-ին) Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի կանգնեցման յանձնախումբ մը, նախագահութեամբ Մեսրոպ Պայընտրեանի, որ յաջորդող տարիներուն դարձաւ իսկական յենասիւնը այս նախաձեռնութեան, որու վերաբերող վարչական եւ այլ բոլոր փաստաթուղթերը յանձնուեցան Իզերի նահանգապետ Ֆերնան Ռիւտին, որ իր կարգին 1968 Մարտին զանոնք յանձնեց Ներքին գործոց նախարարութեան: Այնպէս որ՝ կառավարութեան դրական, վերջնական եւ պաշտօնական որոշումը յայտարարուեցաւ միայն 1969 Յունուար 28-ին։
1973. բեկումնային տարի Անգարայի համար, որ կը բազմապատկէ հակահայկական իր յարձակումները
Մինչեւ 1972՝ յուշարձանին բացումը, երբեք չէինք լսեր թրքական բողոքներ սփիւռքի Հայերուն դէմ. այդպէս՝ մինչեւ 1973 թուականի սկիզբը, երբ Անգարա սկսաւ մշտական լարում ստեղծել Արեւմուտքի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ, յա’տկապէս՝ որպէս հակազդեցութիւն Հայերու նոր քայլերուն ու գործողութիւններուն (Մարսիլիոյ Փրատոյի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ յուշահամալիրի բացում եւ Սանթա-Պարպարայի [Լոս Անճըլըս] մէջ երկու թուրք դիւանագէտի դէմ մահափորձ, որ ԱՍԱԼԱ-ի եւ Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներու զինեալ պայքարին ազդարարը պիտի հանդիսանար, կամ՝ միջազգային դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն (ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց ենթայանձնաժողովին մէջ 30-րդ յօդուածի քննարկում):
Լաւ կազմակերպուած հանգանակութիւն մը
Յանձնախումբին՝ Տեսին-Շարփիէօի յուշարձանին մասին մամլոյ առաջին հաղորդագրութիւնը (լոյս տեսած՝ «Յառաջ»-ի մէջ, 1970 Մարտ 25-ին) կը յայտարարէր, որ քաղաքապետարանը տուած է իր համաձայնութիւնը յուշարձանը կանգնեցնելու համայնքի ամէնէն ընդարձակ հրապարակներէն մէկուն վրայ։ Բայց եւ այնպէս, հակառակ շրջանի հայ քանդակագործներուն կատարուած դիմումին,– որ ներկայացնեն իրենց յղացքին մանրակերտները,– Մշակոյթի նախարարութիւնը պահանջած էր մէկ կողմէն, որ ընտրուած գործը ըլլայ վերացական եւ ժամանակակից ոճով, եւ միւս կողմէ ալ՝ քանդակագործին ընտրութիւնը կատարուի բացարձակապէս Լիոնի շրջանէն ֆրանսական ծագումով արուեստագէտներու միջեւ։ Մոնաքոյէն պարոն Մուշեղ Ճիյերճեան դրական արձագանգած էր Յանձնախումբի խնդրանքին՝ յուշարձանի կառուցման մասնակցելով 20.000 ֆրանքի (այսօրուան՝ 3.000 եւրօն) ներդրումով, մինչ ամբողջ Տեսինի Հայութեան հանգանակութեան ընդհանուր գումարը այն ժամանակ կը կազմէր 17.000 ֆրանք։ Մամլոյ երկրորդ հաղորդագրութեան մէջ, որ պիտի հրապարակուէր տասը ամիս ետք, Յանձնախումբը այս անգամ իր կոչը կ՚ուղղէր Ֆրանսայի ամբողջ Հայութեան, նախաձեռնութիւնը համարելով համազգային, թէեւ մինչ այդ Տեսինի Հայութեան նուիրատւութիւններու ընդհանուր գումարը հասած էր տարուան սկիզբը հանգանակուած գումարին կրկնապատիկին: Հակառակ իր պատկառելի տարիքին, Մեսրոպ Պայընտրեան չէր վարանած շրջելու Ֆրանսայի հայ համայնքներուն մէջ, իր «Citroën 2 CV»-ով եւ իր սեփական հաշուոյն, դիմելու համար առատաձեռն անձերու՝ որպէս միակ նպատակ ունենալով կարելի եղածին չափ արագ իր աւարտին հասցնել յուշարձանը, որ պիտի «անմահացնէր մէկ ու կէս միլիոն տեղահանուածները եւ Եփրատի ջուրերուն մէջ մահացածները»։ Այս կոչը քանի մը օր ետք իր արձագանգը պիտի գտնէր «Յառաջ»-ի 1971 Յունուար 9-ի թիւին մէջ խմբագրականի ձեւով, զոր պիտի ստորագրէր Հրանտ Սամուէլ։ Ան կը յիշեցնէր, որ Մոնթեպելլոյի յուշահամալիրը կարելի եղած էր բարձրացնել Միացեալ Նահանգներու համայն Հայութեան աջակցութեան շնորհիւ ու կը նշէր, որ այս նախաձեռնութիւնը գովելի է եւ խիզախ, քանի որ փարիզեան տարբեր ընկերակցութիւններ մինչ այդ չէին յաջողած ձեռք ձգել նման քայլի դիմելու անհրաժեշտ արտօնութիւնը:
Համազգային մասնակցութիւն
Այսպէս, 1971 Ապրիլին, Կիրակի օր մը Վիենի մէջ կազմակերպուեցաւ դրամահաւաք՝ Տեսինի յանձնախումբի չորս անդամներուն եւ տեղւոյն Հայ ազգային միութեան ամբողջ կազմին կողմէ։ Այդ օրը հանգանակուեցաւ 5.000 ֆրանք։ Արշաւի աւարտին, նուիրատւութիւններու ընդհանուր գումարը պիտի կազմէր 157.634,38 ֆրանք։ Քանդակագործ Ռոպէր Տառնաս 1971-ի գարնան սկսած էր այս քաւիչ յուշակոթողին տեղադրումը Ազատագրման հրապարակին վրայ, որ նաեւ կը կոչուի Place du marché (ուրբաթօրեայ): Ատելութենէ, բռնութենէ զերծ, անաչառ արդարութեան զգացումով՝ արուեստագէտը 8,50 մեթր բարձրութեամբ ուղղահայեաց այս ստեղծագործութեան մէջ կը պատկերէր տեսակ մը համակեդրոնացման ճամբարի աշտարակ, ուր կը տեսնուի բոցերու ճարակ եւ ամէն կողմէ յարձակման ենթարկուած՝ ոչնչացուած զոյգ մը, որ հակառակ այդ ամէնուն կը մնայ կանգուն: Ան աւարտած էր հարիւրեակ մը կտորներու միակցումը Թասին լա Տըմի-Լիւնի իր արհեստանոցին մէջ, իր կնոջ համագործակցութեամբ։ Հայերն ալ շատ օգնեցին անոր, ինչպէս նաեւ լիոնցի պատմաբան Ֆերնան Ռիւտ (բանուորական շարժումի եւ մետաքսագործութեան բանուորներու շարժումի մասնագէտ) համագործակցած է։ Ռոպէր Տառնաս կը գիտակցի, որ անոնք որոշ չափով զարմացած էին իր աշխատանքին արդիւնքով, որ յայտնուած էր գրեթէ «վերացական»: Անոնք շուտով հաստատեցին այն հաւատքն ու ոգեւորութիւնը, որ ոգեշնչեր էին արուեստագէտը՝ իրագործելու համար այս աշխատանքը, հալած կրաշաղախէ մինչ այդ կառուցուածներու մեծագոյնը:
1971 Օգոստոս 31-ի «Յառաջ»-ին մէջ Մ. Մաննիկ կը գրէր. «Ֆրանսայի ամէն կողմերէն Հայեր պիտի դիմեն սրտատրոփ այդ սուգի, բողոքի եւ յուշի կոթողին։ Տարեց Հայեր պիտի յիշեն իրենց անթիւ կորուստները եւ արիւնալի անցեալը սրտաճմլիկ։ Երիտասարդ հայեր հարց պիտի տան թէ՝ մարդկայնօրէն ինչպէ՜ս կարելի էր անճիտել, խողխողել, սպանել, խանձել տաք ու կիզիչ անապատներուն մէջ ամբողջ ազգ մը։ Ի՜նչ ոճրածին ուղեղներ կրնային յղանալ այդ հրէշային արարքը»։ Այս հրապարակէն անցնող զբօսաշրջիկ մը կը խոստովանի, որ պատուանդանին վրայի հայերէն եւ ֆրանսերէն «Ի յիշատակ 1915 թուականի ցեղասպանութեան ընթացքին կոտորուած 1.500.000 Հայերուն» արձանագրութիւնը յստակ ու բացայայտ է, աւելցնելով որ՝ վարչական հանդուրժողականութիւնը չէր կրնար աւելի հեռու երթալ…
Բացում՝ 4 000 հոգիի ներկայութեամբ
Յուշարձանին բացման համար նախատեսուած էր 1972 Ապրիլ 23 թուականը. արարողութիւնը պիտի կատարուէր շրջանի հայկական բոլոր ընկերակցութիւններուն մասնակցութեամբ։ Բայց այդ Կիրակին հանրաքուէ մը տեղի կ՚ունենար Եւրոպական համայնքներու ընդլայնման հարցով։ Նկատի ունենալով այս տուեալը, Յանձնախումբը մամլոյ հաղորդագրութեան մը միջոցով առաջարկեց Կիրակի, Մայիս 28 թուականը: Բայց այս անգամ ալ որոշ անձնաւորութիւններ չէին կրնար ներկայ գտնուիլ այդ օր, ինչ որ Նափոլէոն Պիւլլիւքեանի (1905-1984) ղեկավարութեան ներքոյ գտնուող Կազմակերպիչ յանձնախումբին պարտադրեց վերանայիլ աւելի յարմար թուական մը. ի վերջոյ որոշուեցաւ 1972 Յունիս 4-ի Կիրակի օրը։
Ուստի մեծ բազմութեան եւ Հանրապետութեան շարք մը ընտրեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ յուշահամալիրի բացման արարողութիւնը, որու ընթացքին ելոյթ ունեցան Տեսինի փոխքաղաքապետ Արսէն Մարկոսեան (1928-2007), քաղաքապետ Փիէր Մութէն, Լիոնի քաղաքապետ Լուի Փրատէլ (1906-1976) եւ Փարիզի Փաստաբանական կաճառէն Յովիկ Եղիազարեան (1921-2008), որ իր խօսքին մէջ՝ առանց ոեւէ մէկը մոռնալու, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մեծապէս նպաստեր էին այս նուաճումին իրագործման։ Առաւօտեան, Տեսինի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Փարիզի Հայոց առաջնորդ Սերովբէ արք. Մանուկեան (1908-1984) փափաք յայտնած էր որ՝ «այլ համայնքներ եւս կառուցեն յուշարձաններ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու համար դարուս առաջին ցեղասպանութեան զոհերուն»։ Ի դէպ, չստուգուած «առասպել»-ի մը համաձայն՝ Տեսինը պիտի հանդիսանար համախմբման այն եզակի վայրը, ուր ամէն Ապրիլ 24-ի ի մի պիտի գար շրջանի ամբողջ Հայութիւնը:
Վերջնական կարգադրութիւնները հասած ըլլալով իրենց աւարտին՝ Յանձնախումբը 1973-ին քաղաքապետարանին յանձնեց յուշարձանին «բանալիներ»-ը՝ այսուհետեւ որպէս քաղաքային տարածք, որպէսզի ապահովուի նաեւ անոր խնամքն ու պահպանումը։ Քաղաքապետարանը նրբանկատութիւնն ունեցաւ պահպանելու յուշահամալիրը՝ 2013 Յուլիսին ալ անոր շրջապատը բոյսերով բարեկարգելով, կանաչապատելով, ինչ որ անհրաժեշտ էր շուկայի օրերուն դիւրացնելու համար անցքը, որ կը խճողէր վայրը: Բայց քաղաքապետարանի երաշխաւորած պահպանութիւնը չկրցաւ արգելք ըլլալ յուշարձանին ներկով պղծման նախ 1984-ին, երկրորդ անգամ՝ 1987-ին, իսկ վերջերս՝ կրկին թրքական իշխանութեան «Գորշ գայլեր»-ուն կողմէ՝ 2020 Նոյեմբերին։
Ե. Մ.
2022 Մայիս 6 ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։