Search
Close this search box.

Տէր-Պետրոսեան ստեղծուած ծանր իրավիճակի յաղթահարումը կը տեսնէ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն երկխօսութեան եւ միացեալ որոշումներու կայացման մէջ

 

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Սեպտեմբեր 26-ին հանրային հեռատեսիլին տուած է հարցազրոյց մը, որու ընթացքին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի, Արցախի նախկին նախագահներուն եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին միջեւ կայացած հանդիպման վերաբերեալ։ Տէր-Պետրոսեան ընդգծած է, որ այդ հանդիպումը կայացաւ, քանի որ զիրենք մտահոգած է երկրին ծանր վիճակը։

Առաջին նախագահը նախ բացատրած է, թէ ինչպէս ծնունդ առած է այդ ձեւաչափը եւ հանդիպումը կայացած։ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին Սեպտեմբեր 18-ին իրեն տուած այցելութեան՝ երկար խօսելէ ետք ստեղծուած ծանր իրավիճակին, վտանգներու եւ ելքեր փնտռելու անհրաժեշտութեան մասին,  որոշած են կազմակերպել նման հանդիպում մը։ Ի դէպ, Վեհափառը նաեւ որոշած է շարունակուելու պարագային՝ այդ հանդիպումներուն մասնակցելու համար Հայաստան հրաւիրել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսն ալ, այս խնդրին աւելի համահայկական բնոյթ տալու համար։ Յամենայն դէպս, Լ. Տէր-Պետրոսեան բարձր  գնահատած է Վեհափառին այս նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնած է, որ կը շարունակուին նման հանդիպումները։

Ըստ Լ. Տէր-Պետրոսեանի՝ այսպիսի հանդիպման նպատակն էր քննարկել ներկայի գերզգայուն իրավիճակին մէջ Հայաստանի առջեւ կանգնած լրջագոյն հարցերը եւ զանոնք լուծելու համար պահանջուող ցաւոտ որոշումները։ Եւ այս շրջածիրին մէջ, ինք օրուան գլխաւոր հրամայականը կը նկատէ ազգային համախմբման կայացումը եւ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ կառուցողական երկխօսութեան սկզբնաւորումը։

Պատասխանելով հարցումի մը, առաջին նախագահը ըսած է, թէ իր գնահատումով՝ մեզի կը սպասեն ծանր եւ ցաւոտ լուծումներ, պայմանագրեր պէտք է ստորագրուին Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ, որոնք ոչ մէկ Հայու հաճելի կրնան ըլլալ, բայց, դժբախտաբար այլընտրանք չկայ։ Անոր կարծիքով՝ եթէ չստորագրուի որեւէ փաստաթուղթ, եթէ հաշտութիւն չկնքուի այս երկու դրացիներուն հետ, պիտի չկարենանք վերականգնել իրողութիւնը։ “Մենք պիտի նորից քարը-քարի վրայ երկիր կառուցենք, պիտի աշխատենք, շէնացնենք այս երկիրը”,– ըսած է Տէր-Պետրոսեան։

Ան նաեւ բացատրած է, թէ ինչի շուրջ ինք կ՚առաջարկէ երկխօսութեան նստիլ։ “Ինչպէս ես, այնպէս եւ մեր ողջ հասարակութիւնը, ընդդիմութիւնը, քաղաքագէտները, քաղտեխնոլոգները տեղեկութիւն չունենք, թէ ինչպիսի գործընթացներ են գնում։ Այդ տեղեկութիւններին տիրապետում է միայն Նիկոլ Փաշինեանը։ Շատ քիչ մարդիկ, Փաշինեանը, միգուցէ եւս 2-3 հոգի կան, որ ամբողջ ճշմարտութիւնը գիտեն, որ գիտեն, թէ Ռուսաստանը իրենց ինչ է առաջարկում, Թուրքիան ինչ է առաջարկում, Ամերիկան ինչ խորհուրդ է տալիս։ Հիմա ես կը լինեմ, Ռոբերտ Քոչարեանը կը լինի, Սերժ Սարգսեանը, անգամ Վեհափառը, մենք այդ տեղեկութեանց չենք տիրապետում։ Որպէսզի լուծումներ գտնենք, պէտք է փոխվստահութիւն առաջացնենք։ Այդ հանդիպումները պէտք է գաղտնապահութեան պայմաններում լինեն, կեղծ կամ ճիշտ արտահոսք չպէտք է լինի, որ գործը գլուխ գայ։ Ընդդիմութեան մեծագոյն մասը կարծում է, որ եթէ կարողանան Փաշինեանից ազատուել, ապա մենք կարող ենք խուսափել այդպիսի ցաւոտ լուծումներից։ Սա միամտութիւն է։ Ով էլ գայ, նոյնը, գուցէ, աւելի վատ փաստաթուղթ է ստորագրելու”,– ըսած է Հայաստանի առաջին նախագահը։

Հարցումին, թէ արդեօք կրնա՞յ իր ըսածը հիմնաւորել, Տէր-Պետրոսեան ընդգծած է, որ նախ եւ առաջ ընդդիմութիւնը չէ յաջողած ցոյց տալ, որ ինք աւելի լաւը ընելու կարող է։ “Ես ասում եմ՝ դուք չէք կարող, որովհետեւ այդ տեղեկութիւններին չէք տիրապետում, թէ այսօր ինչ է պահանջւում Հայաստանից։ Ես էլ չեմ կարող, չգիտեմ։ Ես էլ, միւս նախագահներն էլ պէտք է բոլոր տեղեկութիւններին տիրապետենք, որ կարողանանք հասկանալ՝ կա՞յ ինչ-որ աւելի լաւ լուծում”,– նշած է ան։

Շարունակելով խօսքը՝ Հայաստանի առաջին նախագահը ըսած է, որ բոլոր լուծումներն ալ գէշ պիտի ըլլան մեզի համար․ “Ես տեսնում եմ խնդիր՝ այդ բոլոր վատ լուծումներից ընտրել ամենաքիչ ցաւալին։ Իսկ դա հասկանալու համար մենք պիտի տիրապետենք այդ տեղեկութիւններին, որոնց միակ տէրը Փաշինեանն է։ Մենք Փաշինեանին նոյնիսկ ձեռք ենք մեկնում, մենք միասին ենք ընտրում ամենաքիչ ցաւալի տարբերակը, մենք դրանով պատասխանատւութիւն ենք ստանձնում այդ պայմանագրերի համար։ Ես դրան պատրաստ եմ։ Իսկ այսպիսի բան յաջողացնելու համար երկու կողմից բացարձակ անկեղծութիւն է պահանջւում։ Ես չեմ վախենում պատասխանատւութիւնից”,– նշած է Տէր-Պետրոսեան։