Տիեզերք ղրկուած է «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքը

Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հիմնադրութեան 60 եւ բացման 50-ամեակի յոբելեանները կը նշուին նաեւ տիեզերքի մէջ։

Թանգարանէն կը տեղեկացնեն, թէ Ս.Փեթերսպուրկ բնակող բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի միջնորդութեամբ, Ղազախստանի Պայքոնուր քաղաքի տիեզերակայանէն տիեզերք ուղարկուած է աշխարհի 35 լեզուներով թարգմանուած եւ Չարենց ընտանիքին կողմէ հրատարակուած «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքը։

«Խորհրդանշական է, որ թանգարանի յոբելեանը “կը տիեզերականացուի” Չարենցեան բառի եւ սարեանական գոյներու միասնութեամբ»,– գրուած է Թանգարանի՝ Դիմագիրքի էջին վրայ։