Search
Close this search box.

Տիգրանակերտի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնումի աշխատանքները սկսած են

 

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հաղորդագրութիւնը

«Ինչպէս ծանօթ է, Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին տարիներ առաջ մեծ նորոգութեան ենթարկուած ու բարեզարդուած էր, իսկ տեղւոյն Ս. Սարգիս եկեղեցին մնացած էր բոլորովին անշուք վիճակի մէջ: Որոշուած էր փլատակ դարձած այս եկեղեցին վերականգնել եւ բարեզարդել։ Տեղւոյն Ծխական խորհուրդի խնդրանքով, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը եւս խոստացաւ ներդրում ունենալ սոյն աշխատանքին։

Այս աշխատանքն է, որ սկիզբ առաւ աղօթքով:

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ այս նպատակով մեկնած էր Տիյարպաքըր, Յունիս 27-ի առաւօտեան այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վայրը։ Ներկայ էին Ծխական խորհուրդի անդամները՝ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ։

Մասնակցեցան Տիյարպաքըրի աւագ քաղաքապետ Տողան Հաթուն, Սուր քաղաքամասի քաղաքապետ Ֆաթմա Էօնքօլ, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը, մամլոյ աշխատակիցներ եւ տեղացի ժողովուրդը։

Մեր Հոգեւոր պետը այստեղ աղօթք վերառաքեց Աստուծոյ, որպէսզի օրհնուի եկեղեցաշէն սոյն աշխատանքը:

Ապա իրենց սրտի խօսքով հանդէս եկան Ամեն. Ս. Պատրիարք հայրը, Ծխական խորհուրդի ատենապետը, Տիյարպաքըրի աւագ քաղաքապետը եւ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը։

Հանդիսութեան աւարտին Ծխական խորհուրդին կողմէ սարքուեցաւ պտղասեղան։

Նորին Ամենապատւութիւնը ապա այցելեց Ս. Կիրակոս եկեղեցի»։