Պելճիքայի Անվերս քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ նշանակուած է՝ Տիրայր վարդապետ Յակոբեան:
Հանդիսապետութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Խաժակ արք. Պարսամեանի, Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ Տիրայր վարդապետ Յակոբեան Դեկտեմբեր 10-ին մատուցած է իր անդրանիկ պատարագը:
Պատարագին ներկայ եղած են Պելճիքայի Հայոց հոգեւոր հովիւ Զատիկ վրդ. Աւետիքեան, այլ հոգեւորականներ եւ հիւրեր: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը համայնքին ներկայացուցած է Հայր Տիրայրը` որպէս իրենց նորանշանակ հոգեւոր հովիւ:
Խաժակ արք. իր քարոզին մէջ ընդգծած է միասնութեան, քրիստոնէական սիրոյ անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը համայնքային կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ գոհունակութիւն յայտնած բոլոր հայկական կառոյցներուն ու հոգեւորականներուն, որոնք իրենց ծառայութիւնը մատուցած են Անվերսի եւ շրջակայքի քաղաքներուն մէջ: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է հոն ներկայ հայերուն` իրենց արմատներէն հեռացած չըլլալնուն համար, եւ աւելցուցած՝ ապագայ սերունդի քրիստոնէաբարոյ ու հայեցի դաստիարակման կարեւորութիւնը, այնուհետեւ աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած, որպէսզի Հայր Տիրայր կարենայ իր առաքելութիւնը պատշաճ կերպով կատարել Անվերսի հայ համայնքին մէջ:
Խաժակ արք. նաեւ խնդրած է նորանշանակ հոգեւորականէն իր պատգամը յղել Անվերսի Հայութեան:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցած է մտերմիկ զրոյց համայնքի անդամներուն հետ:
Աւելցնենք, որ Անվերսի Ս․ Գրիգոր Նարեկացի ծուխը հիմնուած է 25 օգոստոս 2016-ին: Համայնքին մէջ կը գործէ նաեւ հայ տիկնանց «Նոյ» հասարակական, բարեսիրական եւ մշակութային միութիւնը:
Տիրայր վարդապետ Յակոբեան 2018-2022 թուականներուն եղած է Իտալիոյ հոգեւոր հովիւը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։